Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի պահանջքին ժամկէտը մտահոգութիւններու տեղիք կու տայ քանի մը տուեալներով:
Բողոքը մտածել կու տայ, թէ արդեօ՞ք ան կազմակերպուած է ժողովրդային ինքնաբուխ պոռթկումով, թէ քաղաքական որոշ ուժերու մասնակցութեամբ: Փաստերը ցոյց կու տան, որ ժողովրդային բողոք է տեղի ունեցածը:
Բողոքին օրն ու ժամը մտածել կու տան նաեւ, թէ ինչո՛ւ ժողովուրդը ուշացած, ճիշդ այս օրերուն կը դիմէ բողոքի, մինչդեռ պատերազմէն դուրս գալէն ու ահաւոր կորուստներ կրելէն ետք չնախաձեռնեց բողոքի նման շարժումներու՝ պատասխանատուութեան հրաւիրելով երկրի նախագահը պատերազմի պարտութեան, գերիներու եւ տեղահանուածներու հարցերուն եւ արցախեան տարածքներ կորսնցնելուն առումով իր դերակատարութիւնը մատնանշելով:
Իսկ եթէ պարզապէս Հայաստանի խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն գծով Արցախի հողատարածքներու յանձնումին պատասխանատուութիւնը կրող իշխանութեան վերընտրումը շնորհաւորելու բողոք է սա, միթէ՞ պարզ ու յստակ չէր Արցախի եւ Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն քաղաքական նոյն առանցքին պատկանիլը: Ի՞նչ փոխուած է յետպատերազմեան սկզբնական օրերու կացութենէն…:
Եթէ բողոքի այս ընթացքը շարունակուի ու նախագահը հրաժարի, Արցախի Հանրապետութեան ներկայ տարածքին մէջ որքանով ապահովուած պիտի ըլլան նախագահական նոր ընտրութիւններու կազմակերպման իրաւական հիմքերն ու պայմանները, յատկապէս նկատի ունենալով Արցախի կարգավիճակին ցարդ անլոյծ մնալն ու բռնագրաւող ուժերու ներկայութիւնը: Ցաւօք, Արցախի վերջին պատերազմէն ետք հիմնովին անտեսուեցաւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, հետեւաբար Արցախի ու Հայաստանի պետութիւններն ու սփիւռքեան կառոյցները, յատկապէս Հայ Դատի գրասենեակները ճամբայ ունին հարթելու այդ իրաւունքի պահպանումին ու Արցախի կարգավիճակի յստակեցումին համար, որպէս Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի հիմամբ ժողովրդային հանրաքուէով անկախութիւն հռչակած Հանրապետութիւն:
Պահ մը ենթադրենք, որ Արցախի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնէ հրաժարելու, ինչպէ՞ս պիտի ապահովուի նոր նախագահի ընտրութեան օրինականութիւնը, երբ բնակչութեան նկատառելի մէկ տոկոսը տեղահանուած է ու գաղթած:
Ի՞նչ նպատակի պիտի ծառայէ նախագահի հրաժարման հարցի արծարծումը այս օրերուն, անկախ նախագահին վայելած ժողովրդականութենէն ու արցախեան պատերազմի պարտութեան մէջ իր ունեցած կամ չունեցած դերակատարութենէն:
Արդեօ՞ք նման քայլ պիտի չառաջնորդէ Արցախի Հանրապետութեան պետական համակարգի տապալման: «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» կոչերով հանդէս եկողները արդեօ՞ք այս օրերուն կը նախապատրաստէին հանրային կարծիքը՝ Արցախէն պահելու քանի մը շրջան, զայն միացնելու Հայաստանին ու վերջ տալու արցախեան հարցին ընդհանրապէս:
Արցախի նախագահ չունենալը ո՞ր կողմերուն ձեռնտու է այս օրերուն… երբ թշնամին ոչ միայն բռնագրաւած է Արցախի մեծ մասը, այլեւ իր մշակոյթը տարածելով արցախեան քաղաքներու դիմագիծը փոխելու հեւքի մէջ է: