Միտ, մտիկ. մէտ, միտիլ
Եկէք խոնարհաբար խոստովանինք, թէ միշտ չէ, որ ասոնք բոլորիս եւ բոլորովին ծանօթ հասկացութիւններ են: Խոնարհութիւնը գիտութեան մատչելու ամենաուղիղ ու ամենակարճ ճամբան է: Ուրեմն հետեւինք այդ լուսաւոր ճամբուն:
Միտ եւ մէտ երկու տարբեր արմատներ են, որոնք երբեմն պատահականօրէն կը նոյնանան. օրինակ՝ մէտ կու տայ միտիլ, որուն միտ հնչիւնափոխ արմատը նոյնը չէ վերը բերուած առաջին միտ-ին հետ:
Բացառուած չէ իմաստային համընկնում եւս, որուն պիտի անդրադառնանք:
Ահա այս եւ նման շփոթներ արժանի են որոշ լուսաբանութեան, թէկուզ…վերատեսութեան:
* * *
1.Միտ, մտ-ածել, մտ-իկ
Միտ-ը կախեալ արմատ մըն է, որ, ուրեմն, իբրեւ ազատ բառ չի կրնար կիրարկուիլ:
Ան բառի կը վերածուի «ք» մասնիկի յաւելումով՝ միտ+ք = միտք, որ մարդ արարածին իւրայատուկ բնածին այն ունակութիւնն է, որ թոյլ կու տայ մտածելու եւ դատելու, եւ այս բոլորը արտայայտելու բառերով՝ խօսքով, բաներ, որոնցմէ զրկուած են կենդանիները:
Գոհանանք այս ամփոփ սահմանումով, այլապէս միտք-ը շատ ընդարձակ հասկացութիւն է՝ փոխաբերական իմաստներու ահարկու շարանով մը, որ մեզ շատ հեռուները կրնայ տանիլ:
Այս արմատով կազմուած է մտածել բայը՝ «ի» ձայնաւորի կորուստով, որ կը նշանակէ միտք մը ածել՝ բերել, կազմել, յառաջացնել, ձեւաւորել: Ունինք մտածում կամ մտածութիւն բայանունը, որ կը նշանակէ մէկէ աւելի միտքերու շղթայի մը ծնունդը, յօրինումը:
Այս արմատով կազմուած է մտիկ ձեւոյթը, որ իր կարգին անկախ չէ, այլ հանդէս կու գայ ընել բայով՝ մտիկ ընել, որ կը նշանակէ մտքով հետեւիլ մեր լսածներուն եւ…տեսածներուն:
Լսածներուն՝ ծանօթ է ամէն արեւմտահայ:
Բայց շատ քիչեր տեղեակ են, որ մտիկ ընել կը նշանակէ նաեւ աչքով հետեւիլ, աչքով ընկալել արտաքին աշխարհը: Յիշենք գէթ Սայաթ Նովայի հետեւեալ տողը.
«Ասիր ջեյրան իմ, թուղ քի սեյր անիմ, եա՛ր, մտիկ անիմ»:
Որ կը նշանակէ՝. «Ըսիր՝ եղնիկ եմ, թոյլ տուր որ դիտեմ, եա՛ր, մտիկ ընեմ»:
Անշուշտ եղնիկը…ականջով մտիկ չեն ըներ, այլ…աչքով, դիտելով, տեսնելով:
Մտիկ ընել՝ դիտել հաւասարութիւնը շատ հինէն՝ Միջին հայերէնէն կու գայ:
Նահապետ Քուչակը՝ ԺԶ. դար, ունի հետեւեալ կիրարկութիւնները.
-«Մտիկ իմ եարին արէք, զինչ հագեր է ամէնն է կանանչ»:
-«Մտիկ լեռներուն արէք»:
Առաջին տողին մէջ ան շրջապատը կը հրաւիրէ «դիտելու եարին կանաչ հագուստը», երկրորդը աւելի պարզ է՝ լեռները դիտելու հրաւէր մըն է:
Դա՛րձեալ միջինհայերէնեան տող մը. «Սիֆաթին արա մտիկ որ է խորին անգիտելի» (Կ. Երզնկացի, ԺԳ. դար): Սիֆաթ արաբերէն կը նշանակէ երես, դէմք, կերպարանք. իսկ անգիտելի կը նշանակէ անճանաչելի. ուրեմն՝ «Դիտէ՛ դէմքը, որ շատ անճանաչելի է»:
Մտիկ ընել՝ դիտել շատ տարածուած է արեւելահայերէնի մէջ եւս.
-Երկինքը սկսել է աղքատ մարդկանց վրայ քաղցր աչքով մտիկ անել (Վախթանգ Անանեան, «Մայր արջը»):
-Մի էս իշխանուհուս մտիկ արէք է՜, տեսէք՝ ոնց է զուգուել, զարդարուել… (Յ. Թումանեան, «Մոխրոտը»):
-Չէ՛, ամա՜ն,- ասում է խորթ մէրը,- նա էնպէս կեղտոտ է, որ վրէն մտիկ անել չի լինիլ (անդ):
Ասոնք, անշուշտ, բացատրութեան չեն կարօտիր:
Կարելի է զարմանալ միայն, թէ ինչո՞ւ արեւմտահայերէնը չէ պահած կամ իւրացուցած այս նշանակութիւնը:
2. Մէտ, միտիլ, միտում, հակամէտ, հակամիտիլ
Մէտ-ը անկախ արմատ բառ է, թէեւ ոչ շատ ծանօթ:
Ուրեմն՝ պատկերացուցէք կշիռքի այն տեսակը, որ օժտուած է երկու նժարներով, որոնցմէ մէկուն վրայ կը դրուի կշռաքարը, միւսին վրայ՝ կշռելի ապրանքը՝ հացը, խաղողը, կարագը եւ այլն: Այս երկուքը իրարու կը միանան հորիզոնական ձողով մը, որ լծակ կը կոչուի: Այս լծակին կեդրոնը կը գտնենք եռանկիւնաձեւ սուր՝ վերահայեաց ցցուածք մը. ահա ա՛յս է մէտը: Երբեմն մէտը բաւական երկար կ’ըլլայ, մինչեւ մէկ-մէկուկէս թիզ, եւ իր աջ ու ձախ շարժումներով հաւասարակշռութիւնը հաստատելու կարեւոր ու վստահելի միջոց մըն է:
Մէտին աջ-ձախ թեքումները կը նշենք միտիլ բայով, որ օժտուած է փոխաբերական շատ կարեւոր նշանակութեամբ մը. այս իմաստով՝ միտիլ կը նշանակէ յարիլ այս կամ այն ուղղութեամբ՝ ազգային, գաղափարական, քաղաքական եւ այլն:
Ան կը ծառայէ նաեւ բնորոշելու որեւէ հարցի ու կացութեան մէջ որդեգրուած թեքումը, տրամադրութիւնը, ուղղութիւնը. «Թորոսը կը միտի ունեցածը ծախելու եւ հայրենիք հաստատուելու»: «Մարկոսն ալ կը միտի նոր կնիկ մը առնելու»:
Սակայն նոյն բայով կարելի է բնորոշել անշունչ առարկաներու ուղղութիւնը եւս.
-«Ձորի շոճիները կը միտին դէպի արեւը»: «Ամէն գետ դէպի ծով կը միտի»:
-«Բարտիներու գագաթները երկինք կը միտին»:
Հոմանիշներ են միտիլ եւ միտում ունենալ կամ ցուցաբերել. այս վերջինը պատշաճ է կիրարկել ընդհանրապէս բանական էակներու համար, թերեւս կարելի ըլլայ նաեւ անասուններու, սակայն ոչ իրերու: Եթէ թոյլատրելի է ըսել. «Արագիլները միտում կը ցուցաբերեն գաղթելու»,- ապա անպատշաճ է ըսել. «Այս ծառը միտում ունի չորնալու»: Ունինք հակամէտ ածականը, որ նոյն ինքն միտողի, միտում ունեցողի նշանակութիւնը ունի, եւ ըլլալ-ին հետ կը կազմէ բաղադրեալ բայ մը: Առ այս բերուած օրինակները կարելի է ներկայացնել այս բաղադրեալ բայով ալ.
-Շոճիները հակամէտ են արեւուն (հասնելու):
-Բարտիներու գագաթները հակամէտ են երկինքին ( դպնալու):
Արմենակ Եղիայեան