«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ ու Ռուսիոյ նախագահներ Էրտողանի եւ Փութինի 20 Յունիսին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին, ի թիւս այլ թեմաներու, քննարկուած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրն ու 9 Նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած յայտարարութեան պայմաններու կատարման վերաբերող հարցեր:
Ըստ Թուրքիոյ նախագահականի հանրային կապերու վարչութեան յայտարարութեան, Էրտողան Փութինին տեղեկացուցած է «Շուշի կատարած այցելութեան ընթացքին իր տեսած աւերածութիւններու մասին, որոնք իրականացուած են հայերի կողմէ»:
Նշուած է նաեւ, որ Էրտողան Փութինի հետ զրոյցին մէջ շեշտած է, թէ «Հայաստան արդէն պէտք է կեդրոնանայ խաղաղութեան ու գործակցութեան վրայ եւ ամբողջովին կատարէ եռակողմ յայտարարութեան պայմանները»:
Քրեմլինէն կատարուած յայտարարութեան մէջ այս նիւթով ըսուած է, որ Թուրքիոյ նախագահը իր աջակցութիւնը յայտնած է 9 Նոյեմբեր 2020-ին եւ 11 Յունուար 2021-ին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու յայտարարութիւններով ձեռք բերուած համաձայնութիւններու լիարժէք իրականացման ապահովման ուղղուած ռուսական ջանքերուն:
Զրոյցի ընթացքին վերահաստատուած է համակարգումը շարունակելու փոխադարձ պատրաստակամութիւնը` մեկնելով տարածաշրջանի երթեւեկութեան ենթակառուցուածքներու տնտեսական զարգացման եւ վերականգնման շահերէն:
Դրական գնահատուած է ռազմական գործողութիւններու եւ կրակի դադարեցման վերահսկումի ռուս-թուրքական միատեղ կեդրոնի աշխատանքը: