25 Յունիս 221-ին Արցախի Ազգային Ժողովի խմբակցութիւնները յայտարարութիւն տարածած են.

«27 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէն սանձազերծուած պատերազմը բոլորիս առջեւ դրած է աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային նոր մարտահրաւէրները յաղթահարելու, անվտանգութեան սպառնալիքները դիմագրաւելու եւ պատերազմի հետեւանքով ի յայտ եկած կենսական հարցերու լուծման պարտադրանքին առջեւ:

Մեզի համար գերական եւ թանկը հայրենիքն է, հայրենիքի պահպանումը, կորսնցուցածի վերանուաճումը եւ արցախցիի իրաւունքի վերականգնումը հայրենի հողի վրայ ապրելու, զարգանալու եւ բարգաւաճելու ուղղութեամբ:

Պատերազմի աւարտէն վերջ  նկատելի են բեւեռացումներ, որոնք ուղեկցած են պիտակաւորումներով: Հանրութեան տարբեր շերտեր անհարկի վիրաւորանքներու թիրախ  դարձած են. սպառնալիքներ  տուած են եւ հայու միասնականութեան ոգիին անյարիր երեւոյթներ դրսեւորած են:

Մեր կողմէն անընդունելի եւ դատապարտելի է ազգին համախմբող բարոյական եւ պետական հիմքերու խարխլումը, հասարակութեան մէջ ատելութեան եւ թշնամանքի սերմանումն ու հրահրումը, որուն հետեւանքով ի յայտ եկած են արհեստածին, լարուած իրավիճակներ:

Յատկապէս վտանգաւոր են այն յայտարարութիւնները, որոնք կրնան սեպ խրել Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն միջեւ:

Կոչ կ’ուղղենք  բոլորին իրենց կարծիքն ու մօտեցումները արտայայտելու գործին մէջ ըլլալու հաւասարակշիռ, հանդուրժող եւ յարգալից մօտեցում ցուցաբերելու միմեանց նկատմամբ: Միասնականութիւնը մեր հայրենիքին պատուհասած այս դժուարին օրերին կարեւոր շաղախն է մեր կորսնցուցածը ետ բերելու, այս ծանր ճգնաժամը յաղթահարելու եւ ի վերջոյ ապագայի նկատմամբ հայ ժողովուրդի հաւատը վերականգնելու համար:

Համոզուած ենք, որ խորհրդարանը, ըլլալով հանրութեան կողմէն ձեւաւորուած քաղաքական մարմին, կրնայ ծառայել որպէս երկխօսութեան լաւագոյն հարթակ հանրային պահանջները ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ հասարակական կառոյցներու տեսակէտները առարկայական դարձնելու եւ գործնականի վերածելու համար:

«Ազատ ՀԱՅՐԵՆԻՔ–ՔՄԴ» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

«Միասնական Հայրենիք» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

«Արդարութիւն» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

«Հայ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ Դաշնակցութիւն» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

«Արցախի ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ Կուսակցութիւն» խմբակցութիւն»