Վեր­ջերս կը կար­դա­յի Ե. դա­րու մա­տե­նա­գիր Ղա­զար Փար­պեցիի պատ­մու­թեան գիր­քը, ուր հան­դի­պե­ցայ մա­շել բա­յի ներ­գոր­ծա­կան կի­րար­կութ­եան: Ակ­նար­կե­լով այն օրե­րուն, ուր  տա­կա­ւին գիր չու­նէ­ինք,  եւ մեր երի­տա­սարդ­նե­րը Եդես­իա ու Աթէնք, իսկ եր­բեմն ալ Աղեք­սանդր­իա ու Հռոմ կ’եր­թա­յին ու­սա­նե­լու՝ յանձն առ­նե­լով տա­ժա­նա­գին ճամ­բոր­դու­թիւն­ներ, այ­լեւ նիւ­թա­կան  մեծ  դժ­ուա­րու­թիւն­ներ,  Փար­պե­ցի կա­րեկ­ցան­քով  կը գրէ.  «Բա­զում թո­շա­կօք եւ հե­ռագ­նաց  ճա­նա­պար­հօք եւ բազ­մա­ժա­մա­նակ­եայ դե­գեր­մամբ մա­շէ­ին զա­ւուրս իւր­եանց»,. այ­սինքն, բա­ռա­ցի թարգ­մա­նու­թեամբ՝  «մեծ թո­շա­կով, հե­ռագ­նաց ճա­նա­պար­հոր­դու­թեամբ եւ եր­կա­րա­տեւ դե­գե­րու­մով կը մա­շեց­նէ­ին իրենց օրե­րը», ուր մա­շել պարզ ներ­գոր­ծա­կան              բա­յին փո­խա­րէն դրինք մա­շեց­նել  ածան­ցա­ւոր ան­ցո­ղա­կան (պատ­ճա­ռա­կան) բա­յը, քա­նի մեր ար­դի լեզ­ուին մէջ ու­նինք միայն մա­շիլ չէ­զոք բա­յը, որուն ան­ցո­ղա­կա­նը կու տայ մա­շեց­նել:   Իսկ մա­շել չու­նինք:
Տր­ուած ըլ­լա­լով, որ ին­ծի ծա­նօթ  միւս մա­տե­նա­գիր­նե­րուն քով մա­շել ներ­գոր­ծա­կա­նին չէի հան­դի­պած, մտա­ծե­ցի մէյ մը դի­մել  «Նոր հայ­կազ­եան»-ին: Եւ ահա այս­տեղ գտայ տե­ղե­կու­թեանց անս­պառ գանձ մը.
«Մա­շել. հա­շել, վատ­նել, տկա­րա­ցու­ցա­նել, հնա­ցու­ցա­նել, եղ­ծա­նել, լու­ծա­նել, հա­լել, ծա­խել, ու­տել, հիւ­ծել,. աշըթ­մագ, աշըն­տըր­մագ»:
Ու­րեմն տա­սը հա­յե­րէն հո­մա­նիշ, տա՛սն ալ ծա­նօթ ներ­գոր­ծա­կան բա­յեր, եր­կու հատ ալ թր­քե­րէն հո­մա­նիշ՝ նմա­նա­պէս ներ­գոր­ծա­կան: Չհաշ­ուած տա­կա­ւին յու­նա­րէն ու լատ­ինե­րէն հո­մա­նիշ­նե­րը, որ զանց կ’ընեմ:
Ապա կու գան մա­տե­նագ­րա­կան բազ­մա­տասն­եակ  օրի­նակ­ներ.
– Զս­եամն դրան նո­րա մա­շես­ցէ ոտն քո:
(Քու ոտքդ պի­տի  մա­շեց­նէ  անոր դռան սե­մե­րը)
-Հուր վա­ռե­ցաւ ի ժո­ղովս դո­ցա, եւ բոց մաշ­եաց  զմե­ղա­ւորս:
(Կրակ  ին­կաւ անոնց խում­բին մէջ, եւ բո­ցը մա­շե­ցուց մե­ղա­ւոր­նե­րը)
-Նա­խանձ քո մաշ­եաց զիս:
(Քու նա­խանձդ մա­շե­ցուց զիս)
-Եւ ամօթ մաշ­եաց  զվաս­տակն հարցն մե­րոց:
(Եւ ամօ­թը մա­շե­ցուց մեր հայ­րե­րուն վաս­տա­կը)
-Էջ հուր յերկ­նից  եւ մաշ­եաց զփայտն:
(Եր­կին­քէն  կրակ իջաւ եւ մա­շե­ցուց փայ­տը»:
* * *
Յատ­կան­շա­կան է, որ արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը ու­նի՛ մա­շել ներ­գոր­ծա­կան բա­յը (չէ­զո­քը՝ մաշ­ուել է. ու­նի նա­եւ մա­շեց­նել ան­ցո­ղա­կա­նը):
Օրի­նակ­ներս կ’առ­նեմ Մալ­խաս­եա­նէն.
-Եր­կու քա­րը քսի՛ր իրար, տե՛ս որը որին կը մա­շէ:
-Դա­նա­կի բե­րա­նը մա­շե­ցիր:
-Կրա­կը մա­շում է փայ­տը:
-Մաշ­ուի քո սիր­տը, մա­շե­ցիր հո­գիս:
-Այդ տղան իմ սիրտս մա­շել է:
Իսկ գա­լով արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին՝  Գա­յայ­եան կ’ըն­դու­նի ներ­գոր­ծա­կա­նը՝ իբ­րեւ հինց­նել, սպա­ռել, հիւ­ծել, ու­տել, հատց­նել՝ բո­լորն ալ առն­ուած գրա­բա­րէն:  Իրեն կրն­կա­կոխ կը հե­տե­ւին ու գրե­թէ կը կրկ­նեն զինք Ճիզ­մեճ­եան, Տէր Խա­չա­տուր­եան   եւ Կռան­եան, սա­կայն ասոնք բա­ռա­րա­նագ­րա­կան կարկ­տան­ներ են միայն, մե­քե­նա­կան կրկ­նու­թիւն­ներ՝  իւ­րա­քան­չիւ­րը իր նա­խոր­դէն, առանց որե­ւէ բնագ­րա­յին  օրի­նա­կի:
Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը մա­շել ներ­գոր­ծա­կա­նը չու­նի:
Բո­լո­րին մէջ ամե­նա­պար­կեշ­տը Գնել արք. Ճե­րեճ­եանն է, որ «Հա­յոց լեզ­ուի նոր բա­ռա­րան»-ի Բ. հրա­տա­րա­կու­թեան մէջ, 1992-ին, ջն­ջած է զայն եւ կ’ըն­դու­նի միայն մա­շիլ չէ­զո­քը եւ մա­շեց­նել ան­ցո­ղա­կա­նը.  այս վեր­ջի­նը   ան­շուշտ ներ­գոր­ծա­կա­նի փո­խա­րէն կը կի­րար­կենք մենք: Ու­րեմն մա­շել՝ չկա՛յ այս­տեղ:
Եւ իրօք ալ մենք չենք ու­նե­ցած զայն. եթէ մէ­կը յա­ջո­ղի  կի­րար­կու­թեան օրի­նակ մը բե­րել, ան­շուշտ  այս յօդ­ուա­ծին մէջ  պար­տիմ մու­ծել  անհ­րա­ժեշտ ճշ­դու­մը:
Ու­րեմն՝
-Գրա­բար՝ մա­շիլ, մա­շել, մա­շե­ցու­ցա­նել
-Արե­ւե­լա­հա­յե­րէն՝ մաշ­ուել, մա­շել, մա­շեց­նել
-Արեւմ­տա­հա­յե­րէն՝ մա­շիլ, մա­շեց­նել
* * *
Այս պա­րա­գա­յին եւս հարց է, թէ ին­չո՛ւ այս այս­պէս է:
Մա­շիլ-մա­շել շատ սո­վո­րա­կան ու մա­նա­ւանդ ըն­թա­ցիկ բայ մըն է ի վա­ղուց ան­տի: Մի՛այն Աստ­ուա­ծա­շուն­չը  ու­նի  54 գոր­ծա­ծու­թիւն, մօ­տա­ւո­րա­պէս այդ­քան մը կամ քիչ մը պա­կաս   «Նոր հայ­կազ­եան»ը օրի­նակ կը բե­րէ:  Արդ, այս­պի­սի կեն­սու­նակ բառ մը ին­չո՞ւ արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մէջ պի­տի ապ­րէր ու չքա­նար արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նէն:
Չեմ գի­տեր, միայն այն գի­տեմ, որ ահա  քանի­ե­րորդ բառն է այս, որ արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը ու­նի, իսկ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը չու­նի: Վեր­ջերս ակ­նար­կե­ցի մտիկ ընել բա­յի դի­տել, նա­յիլ  նշա­նա­կու­թեան, որ իր կար­գին  կ’ապ­րի արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մէջ, գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է Մի­ջին հա­յե­րէ­նի մէջ եւս, եւ մաս­նա­ւո­րա­բար  Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի մէջ,  ուր­կէ օրի­նակ­ներ բե­րած էի մօ­տիկ անց­եա­լին Կոս­տան­դին Երզն­կացի­էն եւ Նա­հա­պետ Քու­չա­կէն, առա­ջի­նը՝ երզն­կա­ցի, երկ­րոր­դը՝ վա­նե­ցի, բայց ահա ար­դի արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նէն կը պակ­սի ան: Ին­չո՞ւ:
Տա­կա­ւին կը մտա­ծեմ հէնց բա­ռի  մա­սին. ծա­գու­մով միջ­նաշ­խար­հիկ բառ մըն էր այս՝ ռամ­կօ­րէ­նի հայնց-ին վրայ հիմն­ուած, որ յա­տուկ էր ընդ­հա­նուր հա­յե­րէ­նին. փաս­տօ­րէն  Առան­ձար, Արամ Հայ­կազ, Ար­մէն Գա­րօ  (ասոնք յի­շած­ներս են) ազա­տօ­րէն կի­րար­կած են հէնց-ը, իսկ  եթէ  մեզ­մէ մէկ­նու­մէ­կը հա­մար­ձա­կի օգ­տա­գոր­ծել զայն, ապա արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նա­գէտ­նե­րը դուռդ կը ծե­ծեն, թէ  ի՞նչ կ’ընես: Հա­պա՞…
Իմ կար­ծի­քով՝ նման պա­կաս­նե­րու պատ­ճա­ռը այն է, որ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը  հայ­րե­նի հո­ղէն ու ջու­րէն կտր­ուած, միջ­նաշ­խար­հիկ բար­բա­ռէ  խզ­ուած, որոշ չա­փով՝ ջեր­մո­ցա­յին  պայ­ման­նե­րու մէջ  ձե­ւա­ւոր­ուե­ցաւ:
Արմենակ Եղիայեան