«Երկիր».- 28 Դեկտեմբեր 2021-ին գործադրութեան դրուած է ««Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի ՀՀ ներկայացուցիչին մասին» օրէնքի մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու» ՀՀ օրէնքը, որով ընդլայնուած են ներկայացուցիչին լիազօրութիւնները եւ փոխուած է ներկայացուցիչին պաշտօնին անուանումը: Այսուհետեւ Միջազգային իրաւական հարցերու ՀՀ ներկայացուցիչը օրէնքի ուժով պիտի ապահովէ պետութեան շահերուն ներկայացումը`
Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին մէջ,
Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին մէջ,
Միջազգային ատեաններու դիմաց,
Օտարերկրեայ դատարաններու մէջ,
եւ հաշտարարութեան գործընթացներուն: