Քրեմլին հաղորդած է, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները 2 Յունուարին հեռաձայնային զրոյց ունեցած են:
Ամանորի առիթով շնորհաւորանքներ փոխանակելէ ետք, Փութին ու Էրտողան ամփոփած են երկկողմ գործակցութեան հիմնական արդիւնքները` վերահաստատելով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ փոխշահաւէտ գործընկերութեան իրենց յանձնառութիւնը:
Անոնք անդրադարձած են նաեւ միջազգային նիւթերու` Ռուսիոյ անվտանգութիւնը երաշխաւորող իրաւական համաձայնագիրներու մշակման առաջարկներուն, Անդրկովկասի մէջ տիրող իրավիճակին, սուրիական և լիպիական հարցերու կարգաւորման եւ այլն։