Նոր տարուան առաջին օրը, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր շրջաններէն ներս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, հաւատացեալները հրաւիրելով ինքնաքննութեան ճամբով հոգեպէս վերանորոգուելու:
 
Հակառակ ցուրտ կլիմային, Շաբաթ 1 Յունուար 2022-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցին լեցուած էր մեծաթիւ հաւատացեալներով, որոնք եկած էին դիմելու Ամենակալին եւ նոր տարուան սեմին հայցելու Իր օրհնութիւնը: Սուրբ եւ Անմահ անդրանիկ Պատարագին հանդիսապետեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան: Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան: Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան:
 
Եկեղեցւոյ դպրաց դասի հոգեպարար երգեցողութեամբ հաւատացեալները հոգեպէս լիցքաւորուեցան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նոր տարուան պատգամը ուղղեց ներկաներուն, բնաբան ունենալով Սաղմոսի գիրքին հետեւեալ համարը. «Աչքերս պիտի բարձրացնեմ դէպի երկինք, ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ»: Սրբազան Հայրը Աստուածաշունչէն օրինակներ բերելով հաստատեց սաղմոսերգուին խօսքը: Ան յիշեց երեք մոգերը եւ Մարիամ Աստուածածինը, որոնք իրենց աղօթքները դէպի երկինք բարձրացնելով Աստուծմէ պատասխան ստացան:
 
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ նոր տարին գեղեցիկ առիթ մըն է վերադասաւորելու եւ վերակազմակերպելու մեր կեանքը՝ սկսելով տունէն, հասնելով մինչեւ դպրոց, եկեղեցի եւ միութիւն: Հետեւաբար, հրաւիրուած ենք հոգեւոր մեր կեանքը կշռելու, ստուգելու համար, թէ Աստուած որքանո՞վ ներկայ է մեր կեանքէն ներս: Ուստի, մեր աղօթքները երկինք բարձրացնելով Մարիամի նման արժանի կը դառնանք Աստուծոյ օգնութեան եւ երկնքի արքայութեան:
 
Այս առիթով, Մասիս եպիսկոպոս աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, մաղթելով, որ աստուածային օգնութեամբ բոլոր հիւանդութիւնները փարատին մեր կեաքէն եւ սուրիական հայրենիքէն ներս հաստատուի խաղաղութիւն, կայունութիւն, համերաշխութիւն եւ տնտեսական իրավիճակի բարելաւում:
 
Յետ Պատարագին, Սրբազան Հայրը թափօր կազմած եւ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեան ներքոյ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ ներքնասրահ, ուր գեղարուեստական տօնական յայտագիր մատուցուեցաւ, ապա Սրբազան Հայրը ընդունեց ժողովուրդի զաւակներուն, ազգային մարմիններուն եւ միութիւններուն նոր տարուան շնորհաւորութիւնները:
 
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւն