Բ.

1962-1966 տարիներուն, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Ֆութպոլի մէջ արձանագրուած են պատմական յիշատակելի իրագործումներ եւ ախոյեանութիւններ:

 

1962-ին,  Հալէպի ՀՄԸՄ-ի եւ Դամասկոսի Ահլիի խումբերուն միջեւ Սուրիոյ  հանրապետութեան Նախագահի  առաջին բաժակի աւարտական մրցումը տեղի ունեցաւ  Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Նազեմ ալ Քուտսիի ներկայութեան։

 

ՀՄԸՄ-ի աննման տղաքը գեղեցիկ, ներդաշնակ խաղարկութեամբ մեծ տպաւորութիւն ձգեցին Սուրիոյ հզօրագոյն կազմին՝ Դամասկոսի Ահլիին վրայ, ոգի ի բռին պայքարելով անոր դէմ։ Անոնք արժանավայել  խաղարկութեամբ տիրացան 1962-ի նախագահական առաջին բաժակին, անսահման ուրախութիւն պատճառելով բոլորին եւ արդար հպարտութեամբ ողողելով բոլորիս սրտերն ու հոգիները:

 

ՀՄԸՄ-ի այս գեղեցիկ յաղթանակը Դամասկոսի խումբին դէմ, յաղթանակ  մըն էր ՀՄԸՄ-ի համայն ընտանիքին, հայութեան  եւ մասնաւորաբար հալէպի ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին համար՝ 1961-ի դէպքերէն ետք:

Այս փառաւոր յաղթանակը եկաւ մեր ժողովուրդին տրամադրութիւնը բարձրացնելու, անոր յոյս, լաւատեսութիւն եւ ինքնավստահութիւն ներշնչելու,  որպէսզի արդար հպարտութեամբ, հաստատ հաւատքով, կուռ ինքնավստահութեամբ եւ յուսատու քայլերով իր կեանքի բնականոն, յաջող երթը շարունակէ:

 

Այդ օրը, երեկոյեան ժամը 5։00-ին դաշտ ժամանեց Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Նազեմ ալ Քուտսին, ընկերակցութեամբ փոխվարչապետ  Ռաշատ Պարմատայի, խումբ մը նախարարներու եւ Սուրիոյ ոստիկանութեան ընդհանուր տնօրէն, գնդապետ Տապպաղի:

Փողերախումբը հնչեցուց սուրիական քայլերգը, ապա երկու խումբերը դաշտ ներկայացան իրաւարարներու առաջնորդութեամբ։ Օրուան իրաւարարներն էին՝ միջազգային իրաւարար Ֆաուզի Թալլօ, կողմերու իրաւարներ Ատհամ Մաշնուք եւ Թայսիր Մաշնուք։

 

Իրաւարարի ազդանշանին վրայ խաղը սկսաւ Ահլիի յարձակումով, սակայն ՀՄԸՄ-ի բերդապահը եւ յետսապահ գիծը կասեցուցին Ահլիի բոլոր գռոհները: Առաջին կիսախաղը, հակառակ Ահլիի ճնշումին ու կոշտ խաղարկոթեան, հաւասարութեամբ վերջ պիտի գտնէր, եթէ  իրաւարարը 43-րդ վայրկեանին փենալթին չշնորհէր, որուն հետեւանքով Ահլիի միջազգային խաղացող Իպրահիմ Մաղրըպի յաջողեցաւ կոլ արձանագրել։ Առաջին կիսախաղաղը աւարտին հասաւ  (1-0) արդիւնքով, ի նպաստ Ահլիին:

Բ. կիսախաղին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը  շղթայազերծուած յարձակումներ սկսան, գլխաւորութեամբ  կեդրոնի հմուտ յառաջապահ Գօգօ Քիլէճեանի։ Ան յաջողեցաւ  գեղեցիկ փոխանցումով գնդակը հասցնել Սարգիս Քոզաքճեանին (Աբօշ)։ Վերջինս գլուխի ճկուն հարուածով յաջողեցաւ նշանակել հսւասարութեան կէտը: Այս կէտէն ետք, Ահլին դիմեց պաշտպանութեան ու կարծր, կոշտ խաղարկութեան։ Այնուամենայնիւ նոյնինքն Աբօշ, 62-րդ վայրկեանին անսպասելի զօրաւոր հարուածով նշանակեց ՀՄԸՄ-ի երկրորդ կէտը՝ խանդավառութիւն  յառաջացնելով մարզադաշտի թրիւպիններուն վրայ համախմբուած ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն ու բարեկամներուն մօտ:

 

Խաղի 72-րդ վայրկեանին,  Ահլիի լաւագոյն  մարզիկներէն Իպրահիմ Մաղրիպին, խաղի բերելէ ետք բերդապահ Անդրանիկը, յաջողեցաւ նշանակել գեղեցիկ կոլ մը՝ հաւասարեցնելով իր խումբին արդիւնքը: Այսպիսով աւարտին հասան խաղի 90 վայրկեանները  (2-2) հաւասար արդիւնքով:

Ըստ խաղի կանոններուն, մրցումը կէս ժամով (15/15) երկարաձգուեցաւ, որպէսզի որոշուի ախոյեան խումբը։

 

Ահլիի կոշտ խաղարկութիւնը աւելի սաստկացաւ իրաւարարներու օգնութեամբ։

 

ՀՄԸՄ-ի տղաքը երբեք չյուսահատեցան. Անոնք բազմապատկեցին իրենց կազմակերպուած յարձակումները եւ հրաշքը չուշացաւ: խումբի ձախ ծայր Գէորգ Աւընեան կայծակնային արագութեամբ սուռաց դէպի հակառակորդին բերդը եւ ուժգնօրէն հարուածեց գնդակին՝ ցնցելով Ահլիին բերդապահն ու բերդին ձողերը ու նշանակելով ՀՄԸՄ-ի յաղթանակի կոլը:

Խաղին արդիւնքը եղաւ  (3-2), ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին:

 

Վերջին 15 վայրկեաններուն, ՀՄԸՄ-ի բերդապահ Անդրանիկը եւ յետսապահ  ու միջնապահ գիծերը սքանչելի դիմադրութիւն ցոյց տուին մինչեւ խաղի վերջին վայրկեանը, երբ արդէն իրաւարարին սուլիչը լսուեցաւ՝ որպէս ազդանշան մրցումի աւարտին։

Մրցումին արդիւնքն էր (3-2), ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին։

Մրցումէն ետք, երկու խումբերը իրաւարարներու գլխաւորութեամբ դէպի թրիւպին առաջնորդուեցան եւ ՀՄԸՄ-ի խմբապետ եղբ. Անդրանիկ Սիւլիւքճեան յաղթանակի բաժակը ստացաւ նախագահ տոքթ. Նազեմ ալ Քուտսիի ձեռամբ։ Իսկ ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկները ստացան  յիշատակի ոսկեզօծ մետալներ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի (Դաշնութեան) ատենապետին ձեռամբ։

 

Այսպիսով Հալէպի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի  խումբը արդարօրէն տիրացաւ Սուրիոյ  հանրապետութեան նախագահի ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին տիտղոսին ու բաժակին՝ 1961-1962 եղանակին։

 

Փառք ու պատիւ ՀՄԸՄ-ին:

Յարգանք, գնահատանք եւ երախտագիտութիւն բոլոր անոնց, ի մասնաւորի ախոյեան խումբի տղոց,  որոնք կերտեցին պատմական աննախընթաց եւ հրաշալի այս նուաճումը, յաղթանակը։

 

Ստորեւ կը ներկայացնեմ ախոյեան խումբի եղբայրներուն անունները.

Անդրանիկ Սիւլիւքճեան (խմբապետ) Սարգիս Ահարոնեան

Սահակ Եղոյեան

Գաբրիէլ Պէրպէրեան

Սուրէն Երէցեան

Սարգիս Կէօշկարեան(նեկրօ)

Կիրակոս Քիլէճեան

Սարգիս Քոզաքճեան (Աբօշ)

Գրիգոր Քիլէճեան

Գրիգոր Սեւտալեան

Գէորգ Աւընեան:

 

ՀՄԸՄ-ի նախորդ խաղերուն նպաստած  էին٠

Գառնիկ հաճճար

Կարպիս  Պետիրեան

Յարութիւն Քէհքէճեան

Սարհատ Մերտխանեան։

Խումբի մարզիչն էր եղբ. Արսէն Դանիէլեան:

 

ԿԱՐԵՒՈՐ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մրցումի մեծագոյն աստղերը եղան ՀՄԸՄ-էն եղբայրներ՝

Անդրանիկ Սիւիւքճեան

Սահակ Եղոյեան

Սուրէն Երէցեան

Սարգիս Քէօշկէրեան (նեկրօ)

Գրիգոր Քիլէճեան

Գէորգ Աւընեան:

 

Ահլիէն մարզիկներ՝

Իպրահիմ Մաղրիպի

Թրքի ալ հալապի

Ֆիլիպ ալ Շայէպ:

 

Մրցումի ընթացքին ՀՄԸՄ ստացաւ. 7 corner, իսկ Ահլին՝ 13:

ՀՄԸՄ-ի հաշուոյն 13 ֆաուլ արձանագրուեցաւ, իսկ Ահլիի՝ 3:

Մրցումին ներկայ էին օտար  բազմաթիւ լրագրողներ, յատկապէս Լիբանանէն:

ՀՄԸՄ-ի նշանակած երրորդ կոլէն ետք, խումբի մարզիկները ողջագուրուելով, իրենց ուրախութենէն գինովցած եզակի բուրք մը կազմեցին երրորդ եւ յաղթանակի կոլը նշանակող եղբ. Գէորգ Աւընեանին վրայ յենելով: Անմոռանալի էր այդ պատկերը։

 

Տիար Ատնան Պօզօ մրցումը կը  մեկնաբանէր Սուրիոյ  եւ Լիբանանի հեռատեսիլի զոյգ կայաններէն, իսկ տիար Ատնան նաշէֆ խօսնակն էր Դամասկոսի ձայնասփիւռին:

 

ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ ՆԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

Առաջին նկար։ ՀՄԸՄ-ի բաժակակիր խումբը։

 

Երկրորդ նկար։ Խումբին այցելութիւնը Սուրիոյ Հիւսիսային շրջանի զինուորական բանակի ղեկավարին:

 

Երրորդ նկար։ Սուրիոյ նախագահը, փոխվարչապետը եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ մրցումին կը հետեւին:

 

Չորրորդ նկար։ Օրուան աստղերէն միջնապահ գիծի վարպետներ՝ նեկրօ եւ Սուրէն։

 

Հինգերորդ նկար։ Խումբի մնայուն աստղ Գօգօ Քիլէճեան:

 

Ճորճիկ Ռաստկելէնեան