Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Կիրակի, 23 Յունուարի երեկոյեան քաղաքական ռումբ մը պայթեցուց, յայտարարելով, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Բնական հետեւանքը եղաւ այն, որ հայրենի քաղաքական շրջանակներ տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններով անմիջական արձագանգներ արձակեցին, իսկ ամբողջական պատկերին եւ հրաժարականին խորքային՝ ներքին, շրջանային ու արտաքին պատճառներուն յստակացման համար, կը սպասուին նոր մանրամասնութիւններ, մասնաւորաբար վարչապետ Ն. Փաշինեանի տալիք մամլոյ ասուլիսը, նախատեսուած՝ Երկուշաբթի, 24 Յունուարին, բայց ո՛չ միայն այդ, այլ նաեւ՝ միջազգային արձագանգներ (ի վերջոյ, հրաժարականին «ռումբը» պայթեցաւ այն պահուն, երբ քաղաքական աշխարհը շաբաթավերջի արձակուրդի մէջ էր կամ արդէն քունի անցած էր):
Որեւէ նախագահի հրաժարական՝ ինքնաբերաբար կը նշանակէ, թէ տագնապ մը գոյութիւն ունի տուեալ երկրին մէջ: Հրաժարականին բնագիրը, որ հրապարակուեցաւ Կիրակի երեկոյ, ուղղակի եւ անուղղակի ակնարկութիւններ կ’ընէ նման տագնապի առկայութեան, սակայն դիտողին ուշադրութենէն չվրիպեցաւ այն, որ այս քայլին գլխաւոր շարժառիթը, ըստ հրաժարեալին, Սահմանադրութեան թերի վիճակն է. Սարգսեան կը գանգատի, թէ այժմու սահմանադրութիւնը նախագահին չի ընձեռեր կարեւոր զարգացումներու (ներքին, արտաքին, դիւանագիտական, տնտեսական եւ այլ) վրայ ազդելու հնարաւորութիւնը. ան կը հաւաստէ, թէ «երկար մտածած է» այս որոշումը տալէ առաջ, հպանցիկ ակնարկութիւն կ’ընէ նաեւ իր առողջական վիճակին (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ անցեալ շաբթուան այցելութենէն եւ «յուսալից պայմանագրութիւններ» ստորագրելէ ետք, նախագահը արձակուրդի գացած էր Անգլիա, «բժշկական դարմանում» ստանալու բացատրութեամբ):
ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻՆ ԲՆԱԳԻՐԸ
Հրաժարականին բնագիրը բաւական երկար բացատրութիւններ կը բովանդակէ: Կայ պատմական ակնարկ մը, հայրենիքին բազմահանգրուան իր ծառայութիւններուն մասին լուսաբանութիւններ եւ հաւաստիքներ (պէտք չունինք կասկածով մօտենալու այս բաժինին), ապա, քողարկեալ եւ յստակ բացայայտումներ, թէ ինչո՞ւ չէ կրցած իր առաքելութիւնը կատարել լաւ ձեւով, Սահմանադրութեան արգելակներու ցանկագրում, եւ յետոյ գոհունակութիւն, որ կառավարութիւնը Սահմանադրութեան բարեփոխման համար յանձնաժողով կազմած է, այսինքն, լուռ մաղթանք՝ որ նոր Սահմանադրութիւնը թօթափէ արգելակող բարդութիւնները:
Կարելի է երկարօրէն կանգ առնել հրաժարականին իրերայաջորդ բաժիններուն վրայ, մեկնաբանութիւններ ու վերլուծումներ կատարել, վիճարկել այս կամ այն հաստատումը: Նման մօտեցում՝ մեզ պիտի հեռացնէ կացութիւնը իր պարզ ու նոյնքան բարդ պատկերին մէջ դիտարկելու ընթացքէ, որովհետեւ, ի վերջոյ, հրաժարականը արձակուած է, յստակ է, որ անիկա հետեւանք է ՏԱԳՆԱՊԻ, որուն էական մանրամասնութիւններէն կը խուսափի ստորագրողը, կը բաւականանայ միայն արձանագրելով, որ հայրենիքը կը գտնուի բարդ վիճակի մէջ, որոշ քողարկումով կոչ կ’ընէ հայրենի եւ արտերկրի ժողովուրդին, որ միացեալ կեցուածքով դիմագրաւէ վտանգաւոր մարտահրաւէրները:
ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԷ ԱՒԵԼԻ՝ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ
Նախագահ Սարգսեանի հրաժարականը, անոր պահն ու բովանդակութիւնը՝ թէեւ հպանցիկ ակնարկութիւններ կ’ընեն առկայ տագնապին որոշ երեսներուն, սակայն մեր հայրենիքին ու ազգին դիմագրաւած հարցերուն, հարցականներուն բաւարար պատասխան չեն բերեր, ընդհակառակն, կը ստեղծեն հարցումներու նոր շարան մը, որոնցմէ մաս մը ունին ցաւոտ պատասխաննաեր՝ եթէ արձանագրուած սրտցաւ, բայց առաւելաբար ենթադրեալ մեկնաբանութիւնները, վերլուծումները (գոնէ անոնց մէկ մասը) ճիշդ են. հոս ալ պատճառ չունինք անտեսելու կամ արհամարհելու անմիջական արձագանգները:
Արտայայտուած տեսակէտներուն մէկ մասը բաւական սուր քննադատութիւն էր. ոմանք այս քայլին մէջ տեսան «ճակատագրական պահերու պատասխանատուութենէ խուսափելու» վաղեմի ու ծանօթ վարքագիծ մը (յիշեցում կատարուեցաւ, որ 25 տարի առաջ, այդ օրերու վարչապետ Ա. Սարգսեան, սուր հակադրութեան մէջ ըլլալով օրուան գլխաւոր ղեկավար Վազգէն Սարգսեանի հետ, հրաժարած էր. այդ հակադրութիւնը յաճախ մեկնաբանուած է իբրեւ մէկ կողմէ՝ ազգային-հայրենասէր եւ միւս կողմէ՝ արեւմտամէտ-առեւտրամէտ մտածողութեանց միջեւ բախում…): Հարցումներ ուղղուեցան, թէ արդեօք Սարգսեան ինչո՞ւ այս օրը, ա՛յս պահը ընտրած է հրաժարական տալու:
Ակնարկութիւնները կ’երթան մէկ կողմէ՝ Փաշինեանի նախատեսուած ասուլիսին, ու միւս կողմէ՝ Հայաստանի եւ աշխարհագրաքաղաքական բեմին վրայ ստեղծուած իրականութիւններուն՝ 44-օրեայ պատերազմէն ետք անկումէ-անկում գացող Հայաստան-Արցախին, Հայաստան-Թուրքիա այլանդակ բանակցութիւններու բացման եւ անոնցմէ ծագելիք՝ հաւանական (պարտուողական) նոր համաձայնագիրի մը, իսկ աւելի հեռու բանալով կարկինը՝ Ղազախստանի դէպքերէն մինչեւ Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած վտանգալից կացութիւնը, դիւանագիտական մրցավազքերը, նոյնինքն Արեւմուտքի դաշնակիցներուն միջեւ ի յայտ եկող «մանր տարակարծութիւնները», Ռուսիա-Պելոռուսիա գիծին  վրայ ծանօթ մերձեցումները, իսկ այդ բոլորին զուգահեռ՝ Ռուսիա-Չինաստան-Իրան միացեալ ռազմափորձերէն ծագող պատասխանները, ուղղուած՝ Արեւմուտքի դաշնակիցներուն եւ անոնցմէ հասնող սպառնալիքներուն (ասոնք այլապէս խոր քննարկումի արժանի զարգացումներ են): Նման հարցումներ արձակողներ, իրենց կարգին, հարց տուին, թէ Սարգսեան արդեօք նո՞ր իրազեկ դարձած է թէ Սահմանադրութիւնը իր ձեռքերը կաշկանդող գործօն է, ան պէտք էր չորս տարի՞ սպասէր՝ նման «գիւտ» ընելու համար, տակաւին, հարց տրուեցաւ, թէ տարի մը առաջ, արցախեան պարտութենէն ետք վարչապետին հրաժարականը պահանջողներուն միացած, յետոյ դարձեալ իշխանաւորին հետ գործակցութիւնը վերաբացած նախագահը արդեօք Փաշինեանէն… արտօնութի՞ւն կը սպասէր հրաժարական տալու համար: Ի վերջոյ, Փաշինեան տակաւին քանի մը օր առաջ, յոխորտանքով զօրակցութիւն յայտնած է իր տնտեսութեան… կատակասէր  նախարարին, երբ ընդդիմադիր երեսփոխան մը արդարօրէն յիշեցուցած էր՝ ձախողութեան պարագային հրաժարական տալու խոստումը. վարչապետը վճռական ոճով յայտարարած էր, թէ ինք հրաժարելու արտօնութիւն չէր տուած նախարարին, հասկցուցած էր՝ թէ ինքզինք կը նկատէ որոշում տուողներուն ալֆան եւ օմեղան, իսկ Թուրքիոյ հետ բանակցող իր բանագնացը խորհրդարանի նախագահութեան աթոռէն բարկաճայթ յայտարարած էր, թէ իրենք (այսինքն՝ «պայմանագրեալները») կ’ընեն եւ պիտի ընեն այն՝ ինչ որ կ’ուզեն: Չէ՞ որ վերջին ընտրութիւններուն ժողովուրդը իրենց «մրճեայ լիազօրութիւն» տուած էր, ուրեմն՝ լիազօրուած կը զգան մինչեւ իսկ նոր մղոններ կտրելու… գաղտնի բանակցութիւններ վարելու եւ Հայաստանի ի վնաս՝ բանաւոր կամ գրաւոր նոր համաձայնութիւններ գոյացնելու:
Շարունակելով հարցումներու շարքը, դիտողները նշեցին, որ նախագահը շա՜տ աւելի յարմար առիթներ ունէր հրաժարելու, երբ Հայաստան կրեց չըլլալի՛ք պարտութիւնը, յետոյ ի յայտ եկան «բանաւոր համաձայնութիւնները», յետոյ Ատրպէյճան հողեր գրաւեց Հայաստանէն, մինչդեռ հանրապետութեան նախագահին սահմանադրական պարտականութիւններուն մաս կը կազմէ, իր երդումով իսկ, պահպանել երկրի հողային ամբողջականութիւնը…: Տակաւին, հարց տրուեցաւ, թէ ան ինչո՞ւ չհրաժարեցաւ, երբ անցեալ Յունիսին վերարտադրուեցաւ երկիրը պարտութեան տարած եւ աղաղակող նոր կորուստներու առաջնորդող իշխանութիւնը, այլ բոլոր հանգրուաններուն, վերադարձաւ իշխանութեան որոշումները վաւերացնողի իր դերին, բազմիցս հրաժարեցաւ իր՝ թերի որակած Սահմանադրութեան ընձեռած իրաւասութիւններէն ու մնաց որոշումներու վրայ կնիք դնողի՝ ձեւական նախագահի իր «անվնաս ճամբուն» մէջ:
ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐ
Սուր քննադատութիւններ արտայայտող յիշեալ եւ բազում այլ հարցականներու դիմաց (չենք ուզեր այս սիւնակը ծանրաբեռնել շարքը երկարելով), եղան համեմատաբար աւելի «վերապահ» եւ կշռադատուած մեկնաբանութիւններ:
Առաջին հերթին, հարց ծագեցաւ, թէ նախագահին վրայ ի գործ դրուած ճնշումները՝ ներքին բեմէն՝ իշխանական դասէն մինչեւ ընդդիմադիրներ, ապա նաեւ՝ արտաքին շրջանակներէ, սկսելով դաշնակից-գործակից սեպուողներէ մինչեւ թշնամիներ, ո՞ւր հասած պէտք է ըլլան, որ ան ի վերջոյ որոշած է այս քայլին դիմելու, եւ եթէ արտաքին ճնշումներ կան, ո՞ր լծակն է աւելի ազդեցիկը: Իբրեւ անմիջական նկատողութիւն՝ արձանագրուեցաւ, որ Ա. Սարգսեան ի վերջոյ իրազեկ դարձած է, որ «ֆութպոլային դիւանագիտութենէն» աւելի քան 12 տարի ետք, ու անոր ամլութեան մատնուելէն մօտաւորապէս տասնամեակ մը ետք, Հայաստանին կը պարտադրուի անոր տարբերակը, այժմու իշխանութիւնն ալ ոտքէն մինչեւ գլուխը, նաեւ զոյգ ձեռքերով, պատրաստակամ է խարանող պայմանագիրներ կնքելու, քայլեր՝ որոնց ինք չի ցանկար մասնակից ըլլալ եւ կարճագոյն ճամբան՝ հրաժարիլ ու մէկդի քաշուիլն է: Չէ՞ որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու բացման մրցավազքը սկսած է եւ իր հրաժարականին հրապարակումէն կարճ ատեն մը առաջ, իշխանութեան շրջանակները նորագոյն ապացոյցները հրապարակեցին, թէ՝ գործնական քայլեր կ’առնուին դէպի Նախիջեւան-Մեղրի-գրաւեալ Արցախ երկարող երկաթուղագիծին վերաբացման ուղղութեամբ, իսկ սա միակ ցուցանիշը չէ թշնամիէն արդար հաշիւ պահանջելէ առաջ՝ բարեկամութեան եւ գործակցութեան փուլ ցատկելու «իմաստուն քաղաքականութեան» (յուսալի է, որ նախագահը չունի «ինձմէ ետք՝ ջրհեղեղ» մտածումը):
ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԷՆ ԵՏՔ՝ Ի՞ՆՉ
Սպասելի է, որ վերոյիշեալ եւ տակաւին չհնչած բազմաթիւ հարցումներուն պատասխանները աստիճանաբար յստականան յառաջիկայ օրերուն, սկսելով՝ Երկուշաբթիէն եւ վարչապետին ասուլիսէն, երբ իշխանական խմբակը պիտի հրապարակէ այս նոր զարգացումին մասին իր տեսակէտն ու տեսլականները: Անշուշտ կայ աւելին, հեռահասը:
Առաջին հերթին, հարց կը ծագի, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ յաջորդ նախագահը: Ըստ օրէնքի, նախագահի անժամանակ բացակայութեան պարագային, անոր լիազօրութիւնները կ’անցնին խորհրդարանի նախագահին՝ Ալէն Սիմոնեանի, իսկ որոշ «նրբութիւններ» նկատի ունենալով, արդէն կը խօսուի, որ փոխ նախագահ Յակոբ Արշակեան պիտի ըլլայ առժամեայ լիազօրուողը: Օրէնքը նաեւ ժամանակ կը սահմանէ նոր նախագահի մը ընտրութեան համար, պէտք է ըլլայ առաւելագոյնն 45 օրուան ժամանակամիջոցին:
Գաղտնիք չէ (եւ հրաժարեալ նախագահը արդէն ողջունած է այս նախաձեռնութիւնը), որ իշխանական խմբակը կը ցանկայ վերատեսութեան ենթարկել Սահմանադրութիւնը. հոս ալ կան զանազան մեկնաբանութիւններ, բոլորն ալ ցոյց կու տան, որ իշխանաւորները կ’ուզեն չափել-ձեւել մայր օրէնք մը, որ աւելի եւս ամրապնդէ իրենց հեղինակութիւնը, այլ խօսքով՝ մենատիրութիւնը, ճամբայ հարթէ նախագահական շատ աւելի լայն լիազօրութիւններով օժտուած Փաշինեանի մը այս աթոռին տիրանալուն առջեւ: Մինչ այդ, այսինքն՝ Ա. Սարգսեանի հրապարակէն հեռացումով, «Քաղաքական Պայմանագիր»ը պետութեան մէկ այլ զօրակայանն ալ անսքող կ’առնէ իր հակակշիռին տակ, հաշուի առնելով, որ հրաժարեալ նախագահը մաս չէր կազմեր ՔՊ-ական կորիզին, խորքին մէջ, ան «հիներ»էն էր (ընտրուած էր 2018-ի Մարտին, «յեղափոխութեան» նախօրեակին) եւ երկկողմանի լուռ հանդուրժողականութիւն մը գոյացած էր անոնց միջեւ, մինչդեռ Սիմոնեան մը եւ Արշակեան մը մաս կը կազմեն «ուսապարկերու» հիմնադիր խմբաւորումին:
Յաջորդ լիազօր նախագահի ընտրութիւնը կրնայ որոշ (բայց ժամանակաւոր) դժուարութիւններու մատնել իշխանաւոր խմբակը, որովհետեւ նախագահի ընտրութիւնը, առաջին քուէարկութեամբ, պէտք է թեկնածուին ապահովէ 81 ձայն, իսկ ՔՊ-ականներ այդքանը չունին: Սա, բնականաբար, ձեւական խոչընդոտ է, եւ, ինչպէս նշեցինք՝ ժամանակաւոր:
Արդէն բացուած է թեկնածուներու սակարանը: Առաջին «թեւերը սոթտողներէն» է «լուսաւոր»ներու մարդը՝ Էտմոն Մարուքեան, որուն բացած ցանկին վրայ վաղը կրնան աւելնալ այլ ախորժակատէրեր, որոնք Ազգային ժողովի վերջին ընտրութիւններու նախօրեակէն ի վեր ձեւական ընդդիմախօսներ եւ մրցակիցներ են վարչապետին եւ սակայն, բանիւ եւ գործով կը քալեն անոր ցոյց տուած ճամբէն (զարմանալի՞ է, որ «Իմ Քայլը» հիմա արդէն յետին բեմ գացած է, բազմաթիւ «քալողներ» իրենց աչքերը վաղուց բացած են եւ հեռացած՝ կործանարար ուղիէն եւ խմբակէն, շատեր միացած՝ արդար ընդդիմադրութեան, սակայն հեռացողներուն փոխարէն կան նոր «քալողներ», որոնք վար չեն դներ հնամաշ դրօշակը…):
ԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐԷ ՇԵՂՈՒՄԻ ԱԶԴԱԿ
Այս բոլորէն անդին, կայ անմիջական ուշադրութիւններէ դուրս մնացած մտահոգութիւն մը. վաղը աւելի բացորոշ պիտի խօսուի, թէ նախագահին հրաժարականը, դիտումնաւոր թէ ակամայ՝ պատճառ պիտի ըլլայ, որ ազգին ուշադրութիւնը շեղի էական հարցերէն: Եթէ պահ մը այս քայլը դիտենք իբրեւ «գաւաթ մը ջուրի մէջ ստեղծուած փոթորիկ», եւ մեր աչքերը սեւեռենք դաժան իրականութիւններուն, կրնանք տեսնել, որ նոյնինքն հրաժարականն ու նոր նախագահի մը որոնումը ստիպողաբար կը բանան փուլ մը, որուն մէջ, իրողապէս լուսանցք պիտի քշուին Արցախի գրաւուած շրջաններու, ազերական բանակներու Հայաստան թափանցումի (եւ «հայելանման ետք քաշուելու»), տրամաբանութենէ զուրկ՝ սահմանազատման-սահմանագծման, Հայաստանի վրայով Ատրպէյճան-Նախիջեւան-Թուրքիա ցամաքային եւ օդային ճամբաներու բացման, Թուրքիոյ հետ սահմաններու բացման եւ անով պայմանաւորուած՝ Արցախէն, Արեւմտեան Հայաստանէն եւ մէկ խօսքով՝ Հայ Դատէն հրաժարելու, բազմերես հատուցումներու հարցերը: Նման շեղումներ արձանագրուեցան յաճախ, սկսելով… խորհրդարանական ընտրութիւններէն մինչեւ Ալէն Սիմոնեաններու շահատակութիւններէն բարձրացած աղմուկները (հոս ալ չծանրաբեռնուինք անհատնում ցանկերով):
Խորքին մէջ, նախագահին հրաժարականը աստիճան մը աւելի՛ կը ծանրացնէ ընդդիմադիրներուն ուսերուն ինկած՝ հայրենապաշտպանութեան ու հայրենապահպանման առաքելութիւնը, մանաւանդ որ, ինչպէս յիշատակեցինք արդէն, Հայաստանի անմիջական մերձակայքին եւ աւելի հեռու տարածուող՝ աշխարհաքաղաքական քարտէսին վրայ տեղի կ’ունենան իսկապէս վտանգաւոր իրադարձութիւններ, որոնք այլապէս պատճառ են հայութեան, ողջ հայութեան ուշադրութիւնը շեղելու մե՛ր էական հարցերէն (սա զարմանալի եւ անբնական չէ):
Ընդդիմադիր ճակատները վաղուց ապացուցած են, որ իրազեկ են մանր ու ամեհի սպառնալիքներուն, վտանգներուն: Կը մնայ, որ մեր ժողովուրդը, ի Հայաստան-Արցախ եւ Սփիւռքի տարածքին բանայ աչքերը, վերջ տայ «հինի-նորի» քարոզչութեամբ տարուելու թմբիրին եւ ձեռքերը միացնելով՝ լծուի հայրենիքի փրկութեան գործին, կերտէ նոր Սարդարապատ եւ Արցախեան Ազատամարտ: Այս պարագային միայն իմաստ կը ստանան (գոնէ) Ա. Սարգսեանի հրաժարականի վերջին բաժինի այն տողերը, թէ «Այսօր, ինչպէս երբեք, անհրաժեշտ են իմաստալից, խորը մտածուած, կշռադատուած՝ բովանդակալից գործողութիւններ: Այլապէս մենք՝ ողջ աշխարհի հայութիւնը, չենք հասնի մեր առաքելութեան նպատակին եւ կը յայտնուենք պատմութեան լուսանցքում»: Այս տողերը պէտք է դիտենք իբրեւ իմաստացեալ արձագանգ մը՝ ընդդիմադիրներու բազում կոչերուն, որոնք կը հնչեն առ նուազն 44-օրեայ պատերազմէն ետք, հնչած են նաեւ անկէ առաջ:
Ս. Մահսերէճեան