Թրքական լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի հրահանգով նոր շրջափուլ սկսուած է երկրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ:
Ի թիւս արտաքին քաղաքական շարք մը առաջնահերթութիւններու՝ կը նշուի նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցով առնուելիք քայլերը:
Իշխանամերձ «Հիւրիէթ» օրաթերթի կայքին վրայ այս նիւթով հրապարակում կայ, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«Որպէս առաջին քայլ՝ յստակացած է փոխադարձ ուղիղ թռիչքներ սկսելու որոշումը: Յատկապէս Կարսի եւ Վանի մասով կատարուելիք աշխատանքներէն ետք, օրակարագ կու գայ տարբեր նահանգներու ուղղութեամբ թռիչքներ կազմակերպելու հարցը: Կարծիքներ կան այն մասին, որ յատկապէս Վանը հայերուն համար կրնայ զբօսաշրջային կեդրոնի վերածուիլ:
Բացի ատկէ, ծրագրուած է Կարսի մօտակայքի որոշ պատմական կառոյցներու, այդ կարգին՝ կամուրջներու եւ այլ շինութիւններու վերակառուցումը: Անոնք հայերուն համար մեծ կարեւորութիւն ունին:
Իսկ Հայկական Սփիւռքին ճնշումը նուազեցնելու նպատակով միաժամանակ կ’ընդլայնին նաեւ առեւտրական յարաբերութիւնները»: