Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարական Հիմնարկներու Գործունէութիւնը» նիւթով բանաձեւի մասին կ’ուզենք արձանագրել.
1) 44-օրուան պատերազմի սանձազերծումին, ատրպէյճանա-թրքական յարձակումին, ուժի կիրառման, պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական սկզբունքներու կոպիտ խախտումներուն, ինքնորոշման իրաւունքի նսեմացման ու մինչ օրս հայ ռազմագերիներու առկայութեան փաստին, պատերազմէն վերջ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ շարունակական յարձակումի իրականացման, թշնամական հռետորաբանութեան եւ ուժի ու ուժի սպառնալիքի շարունակական կիրառումին ի տես` Եւրոպական կառոյցները զբաղած էին ու զբաղած են յարձակումը խրախուսող աչքակապութեամբ, իսկ արձագանգելու ընթացքին կը փորձեն «հաւասարութեան» նշան դնել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ, ինչ որ անհեթեթութիւն է: Յատկանշական է, որ ռազմագերիներու ապօրինի պահումէն աւելի նուազ իրաւունքներու խախտումներով նոյն կառոյցը հանդէս կու գար պետութեան նկատմամբ որոշակի սահմանափակումներու առաջարկով, իսկ այս պարագային` Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ անպատժելիութեան ուղերձ յղած է:
2) ԵԽԽՎ-ը որեւէ ձեւով չէ անդրադարձած նախընտրական եւ ընտրութիւններու օրը վարչական աղբիւրի ու ընտրական արձանագրուած այլ խախտումներու, մօտաւորապէս վեց ամիս Ազգային Ժողովի երեք ընդդիմադիր պատգամաւորներու ապօրինի կալանաւորման, ընդդիմադիր պատգամաւորներու տեղաշարժի հակասահմանադրական սահմանափակման, 2021-ին 80%-էն աւելի կալանաւորումներուն, քաղաքական հետապնդումներուն, կալանքներուն եւ «կալանքի դատարաններու» ստեղծման։
3) ԵԽԽՎ-ը փաստօրէն չէ արձագանգած դատարաններու ելեկտրոնային մակագրման համակարգին՝ մօտաւորապէս ութ ամիս գործադիրի կողմէն առգրաւումին ու մինչ օրս բոլոր գործերու «ձեռքով» մակագրման հակասահմանադրական գործադրումին կամ ՏԻՄ ընտրութիւններուն ու յետընտրական փուլը ընտրողներու կամքի անտեսման փաստերուն:
4) ԵԽԽՎ-ը «ժողովրդավարական» կը համարէ խօսքի ազատութեան նոր սահմանափակումները եւ չի նկատեր լրագրողներու իրաւունքներու խախտումի դէպքերը Ազգային ժողովին մէջ:
Թուարկուած բոլոր հարցերու փաստական հանգամանքները 4 Նոյեմբեր 2021-էն ներկայացուած էին ԵԽԽՎ-ին՝ թէ՛ բանաւոր, եւ թէ՛ գրաւոր կարգով:
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութիւն
29.01.2022