Հինգշաբթի, 24 Փետրուար 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Սրբ. Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առիթով եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց եւ օրուան պատգամը ժողովուրդին ուղղեց, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ՝ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Բաբգէն Պաթալեանի, ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբի պատասխանատու գնդապետ Արմէն Աւագեանի, խումբի զինուորներուն եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու:
 
Եկեղեցւոյ մուտքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտներուն կողմէ, ապա «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի:
Ս. խորանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան եւ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան:
Եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ դպրապետ բարշ. Գօգօ սրկ. Տէր Վարդանեանի, պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եւ Սրբ. Վարդանանց տօնին նուիրուած շարականներով Վարդանանց շունչով համակեց հաւատացեալներուն հոգիները:
 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սրբ. Վարդանանց տօնին պատգամը ուղղեց ներկաներուն, բնաբան ունենալով վարդանանց սերունդի հետեւեալ խօսքը. «Այս հաւատքէն ո՛չ ոք կրնայ մեզ բաժնել»: Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ 301 թուականը հայ ժողովուրդին համար յաւերժութեան խորհրդանիշ եղաւ, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս ընդունող առաջին պետութիւնը հանդիսացաւ, իսկ 451-ին Աւարայրի ճակատամարտով առաջին պայքարողը եղաւ քրիստոնէական հաւատքին համար։
Մասիս եպիսկոպոս Սրբ. Վարդանանց տօնը կեցուածքի տէր ըլլալու, հաւատքի ամրութեան եւ հայ մնալու տօն համարեց։ Ան նշեց, թէ Վարդան Մամիկոնեան մաքրութեան խորհրդանիշ եղաւ, որովհետեւ հակառակ բոլոր քաղաքական ճնշումներուն երաշխաւորեց եւ ապահովեց հայոց ինքնութիւնն ու ազատութիւնը։ Աւարայրի դիւցազնամարտով հայ ժողովուրդը օտարէն կրցաւ խլել հաւատքի ազատութիւնը։
Եզրափակելով իր խօսքը, Սրբազան Հայրը վերանորոգեց մեր ուխտը, Հայաստանի թէ Արցախի մէջ Վարդանանց ոգիով պայքարը շարունակելու եւ առաւել կառչելու մեր ազգային ինքնութեան։ Ան շնորհաւորեց Վարդան անուն կրողները, Սրբ. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով շնորհաւորեց նաեւ քահանայ հայրերը, Արժ. Տէր Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեանը՝ իր անուանակոչութեան տօնին առիթով եւ մաղթեց, որ Ամենակալը առաւել զօրացնէ մեր ժողովուրդի զաւակները։
 
Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդականի եւ ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբին ներկայութեան դպրաց դասը Վարդանանց տօնին նուիրուած շարականներ երգեց, իսկ փոքրիկ դպիրները վարդանաշունչ երգերով եւ արտասանութիւններով հարստացուցին օրուան յայտագիրը։ Ապա ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը։
Աւարտին, եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին հետ ընդունեց ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդականը եւ ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբը։
Այս առիթով խօսքեր արտասանուեցան։
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդականի Հալէպ ժամանումը եւ գնահատեց ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբի ծառայութիւնը։ Այս առիթով գնահատեց նաեւ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, դպրաց դասը եւ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած բոլոր մարմինները՝ ազգային-եկեղեցական տօնին իրենց բերած խանդավառ մասնակցութեան համար: