Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնը յիշատակութիւնն է չորրորդ դարու սկըզբնաւորութեան քրիստոնէական հաւատքին համար նահատակուած Հայոց Սեբաստիա քաղաքի քառասուն երիտասարդ զինուորներուն, որոնք հռովմէական բանակէն ներս խիստ հարցաքննութեան ենթարկուելով կը մերժեն աստուածները պաշտել եւ իրենց հաւատքին վրայ հաստատուն մնալով կը նահատակուին։
Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին, որ կը գտնուի «Ճտէյտէ»ի «Սալիպէ» կոչուած թաղամասին մէջ, կը կրէ քառասուն սրբացեալ նահատակներուն անունը, կառուցուած է այժմու եկեղեցւոյ  Ս. Մատրան տարածքին դէպի արեւմուտք փոքրիկ ընդլայնումով, 1499-1501 թուականին, հալէպաբնակ Ըռէիս Յիսէի կողմէ: Յետագային ընդարձակուած եւ քանիցս վերանորոգուած է, վերջինը՝ յետ պատերազմին։ 30 Մարտ 2019-ին վերանորոգուած եկեղեցւոյ սրբագործումն ու վերօծումը կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ։
Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնի նախօրեակին, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի եւ մասնակցութեամբ՝ Հալէպի քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերուն, սիրոյ եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ Սրբոց Քառասնից Մանկանց խորանին առջեւ տեղադրուած քառասուն լապտերները լուսաւորուեցան, հայցելով սրբացեալ քառասուն նահատակներուն բարեխօսութիւնը։
Կիրակի 27 Մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ: Ներկայ էին Սուրիոյ մօտ Կիպրոսի Դեսպանի Գործակատար տիար Սեւակ Աւետիսեանը եւ իր մայրը, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի Գնդապետ Արմէն Աւագեանը, Գնդապետ Կարէն Մուրատեանը, խումբի մասնագէտներ, Ազգային Վարչութեան անդամներ, եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը, Աղքատախնամ կազմը, Տիկնանց Յանձնախումբը եւ մեծաթիւ հաւատացեալներ։
Սրբազան Հայրը «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր պատմական մատրան առջեւ աղօթք մատուցեց, այնուհետեւ բարձրացաւ Սուրբ Խորան եւ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց, առընթերականեր ունենալով Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեանը եւ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեանը։ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. Սարգիս սրկ. Սարգիսեանի:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրուան պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն, բնաբան ունենալով Պօղոս առաքեալի եբրայեցիներուն գրած նամակի հետեւեալ համարը. «Մենք ալ, որ բազմաթիւ վկաներով շրջապատուած ենք, պայքարինք չարին դէմ»։
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ մարդը Աստուծոյ ստեղծագործութեան պսակը կը կազմէ, հետեւաբար ան հրաւիրուած է հոգեւոր ուղեւորութեան ընթացքին հաւատքով պայքարելու եւ կատարելութեան հասնելով Աստուծոյ միանալու:
Անդրադառնալով սուրբերու վարքին եւ հաւատքի զօրութեան, Մասիս եպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ հակառակ հալածանքներուն եւ չարչարանքներուն, անոնք չվախցան մահէն, այլ իրենց հոգիներու փրկութեան համար հաստատուն մնացին քրիստոնէական հաւատքին վրայ եւ այսօր որպէս կենդանի վկաներ մեզ եւս կ’առաջնորդեն դէպի Աստուած:
Պատմական եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովականներն ու ժողովուրդի զաւակները։ Այս առիթով ան գնահատեց եկեղեցւոյ Քահանայ Հայրերը, Թաղական Խորհուրդը, Աղքատախնամ կազմը, Տիկնանց յանձնախումբը եւ բարերարները, որոնք նուիրուածութեամբ լծուած են եկեղեցանուէր ծառայութեան:
Պատարագէն ետք Սրբոց Քառասնից Մանկանց խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ եկեղեցւոյ մէջ ծառայած վախճանեալ Քահանայ Հայրերու, ինչպէս նաեւ Արցախի նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր դպրաց դասին առաջնորդութեամբ ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը: