ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ չորս տարին անգամ մը կազմակերպուող համաՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը կը հանդիսանան ՀՄԸՄ-ական մարզիկներուն համար այն բերկրալի առիթը, որուն ընթացքին անոնք հայաբոյր մթնոլորտի մէջ իրենց մարզական կարողութիւնները ի յայտ կը բերեն, կը մրցակցին եւ տարբեր շրջաններէ ժամանած ՀՄԸՄ-ական քոյրերու եւ եղբայրներու հետ նոր բարեկամութիւններ կը հաստատեն մայր հողին վրայ։

Վերջին տարիներուն պսակաձեւ ժահրի համաճարակը հարուածեց ողջ աշխարհը: ՀՄԸՄ-ն ալ իր կարգին ազդուեցաւ այս համաճարակէն եւ տարիներու աւանդութիւն դարձած քառամեայ համաՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը յետաձգեց մէկ տարիով։
Մարզախաղերը իւրայատուկ էին այս տարի, որովհետեւ միութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, աւանդական շրջաններու կողքին, այս խաղերուն մասնակցեցան նաեւ ՀՄԸՄ-ի Թիֆլիսի եւ նորակազմ Արցախի մասնաճիւղերը։ Մարզախաղերը ընթացք կ’առնեն «Հայ Մարզիկի Օր»-ը։ Միութեան հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեան օրը՝ 22 Յուլիսը, ՀՄԸՄ-ի կողմէ հռչակուած է «Հայ Մարզիկի Օր», յիշատակելու մարզական փառաւոր սերունդներու անցեալի յաղթանակները եւ պատուելու ներկայ հայ մարզիկները ընդհանրապէս եւ ՀՄԸՄ-ական մարզիկները յատկապէս։
Գնահատելի մտայղացում էր «Հրաշք» մարզախաղերը, որուն մասնակցեցան յատուկ խնամքի կարօտ 200 պատանի-երիտասարդներ, առաջին անգամ ըլլալով։
Այս տարի, հակառակ Սուրիոյ տնտեսական ծանր վիճակին, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանը Հալէպի եւ Գամիշլիի մասնաճիւղերէն 48 մարզիկներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը մասնակցեցաւ համաՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն, որոնք տեղի ունեցան 20 Յուլիսէն մինչեւ 30 Յուլիս 2022, Հայաստան:
Մասնակցութիւն բերինք պասքեթի տղոց եւ աղջկանց խմբային եւ անհատական մրցումներուն, ինչպէս նաեւ ֆութպոլի, ֆութսալի եւ ճատրակի մրցումներուն: Մարզիկները այս մարզախաղերուն կողքին առիթ ունեցան ծանօթանալու հայրենիքի բնութեան, տեսարժան եւ պատմական վայրերուն։ Այցելութիւնները սկսան Եռաբլուրով, ուր յաւերժութեան քունի մտած էին ամիսներ առաջ յանուն հայրենիքի պայծառութեան մարտնչող ազատամարտիկները, որոնց մէջ էին ՀՄԸՄ-ական շարք մը եղբայրներ։ Սուրիոյ պատուիրակութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեց հալէպահայ երեք նահատակ եղբայրներուն:
Սուրիոյ պատուիրակութիւնը ճաշերու, հաւաքներու եւ շրջապտոյտներու ընթացքին բարձր տրամադրութեամբ, երգերով ու կանչերով միշտ դրական մթնոլորտ ստեղծեց։
Եզակի էին Սուրիոյ պատուիրակութեան ձեռք բերած նուաճումները։ Իրականութեան մէջ, պարտութիւններն ու յաղթանակները այնքան ալ էական չէին, մասնակցիլն էր կարեւորը։ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակը հայ հոգիին, հայու նկարագրին եւ հայ բազուկին ուժեղացումն է։ Երբ մարզախաղերուն կը մասնակցին տարբեր քաղաքներէ հայրենիք ժամանած 678 մարզիկներ, արդէն դրական աշխատանքի ատաղձ մը կը պատրաստուի: Այս ատաղձը կը հարստացնէ հայ կեանքն ու ՀՄԸՄ-ը:

Ամենամեծ հպարտութիւնը այն էր, որ երբ ՀՄԸՄ-ական շապիկով եւ յատկապէս «ՀՄԸՄ-Սուրիա» շապիկով կը շրջէինք Երեւանի փողոցներով, կ’արժանանայինք մեծամասնութեան բարեւին կամ գնահատանքին, յատկապէս մեր պատուիրակութեան կը մօտենային սուրիահայ մարզիկներ, որոնք Հայաստան հաստատուած էին։
Ի ուրախութիւն բոլորիս վերադարձանք բաժակներով: ՀՄԸՄ-ի Հալէպի ճատրակի խումբը, որ կը մասնակցէր 2 մարզիկներով եւ 1 պատասխանատուով, այս մարզախաղերուն հանդիսացաւ համաՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու ընդհանուր ախոյեանը։ Ես անձամբ մասնակից ըլլալով եւ ստաձնելով պատասխանատուութիւնը ճատրակի խումբին, անբացատրելի ուրախութիւն ապրեցայ մեր տարիներու աշխատանքին արդիւնքը տեսնելով։ Մեր պասքեթի տղաքն ալ արժանացան երկրորդ դիրքին։
Մարզախաղերու աւարտին Սուրիոյ պատուիրակութիւնը վերադարձաւ ոսկիէ, արծաթէ եւ պրոնզէ մետալներով։
Թէեւ բաժանումը դժուար էր, սակայն յիշատակելի օրերով հարուստ մեր մասնակցութիւնը եզակի դրոշմ մը թողուց մեր բոլորին հոգիին մէջ ու ամրապնդեց մեր կապը հայրենիքին ու մեր աշխարհացրիւ ազգակիցներուն հետ:
Երբ միասնական ենք, մեր մրցակցութիւնն անգամ առողջ եւ օգտակար կը դառնայ:
Ժիրայր Կարապետեան