ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Հալէպի Իթթիհատ ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ ամերիկացի խաղացող Թիրէլ Սթոկլին պիտի դառնայ խումբի արհեստավարժ խաղացողը: Ան նախապէս մաս կազմած է Եգիպտոսի Զամալէք եւ Լիբանանի Հըքմէ խումբերուն:
– Կիրակի օր Սուրիոյ պասքեթի դաշնութիւնը կատարեց տարեկան իր անդամական ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին որոշեց 2022-2023 տարեշրջանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան արհեստավարժ երկու խաղացողներու մաս կազմումը խումբին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ԱՆԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ՀՌՉԱԿՈՒԵՑԱՒ ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Հայաստանի բռնցքամարտի դաշնութիւնը յայտարարեց, որ հայկական մարզանքի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կը յաջողի ձեռք ձգել բռնցքամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսը: Հայ մարզուհիներէն պատուոյ արդիւնքին հասած է հաւաքականի բռնցքամարտիկ Անի Յովսէփեան: Ամբողջ մրցաշարքի ընթացքին բարձրորակ մակարդակի մենամարտերով հանդէս եկած հայ մարզուհին փայլուն արդիւնք արձանագրած է նաեւ եզրափակիչ մրցումին։ Անիի մրցակիցը դարձած է բռնցքամարտի առաջատար, իռլանտական դպրոցի ներկայացուցիչ Քրիստինա Թեսմոնթին։ Առաջին վայրկեանէն Անին հաստատած է ախոյեանի գլխաւոր թեկնածուն ըլլալու հաւանականութիւնը: Մենամարտի ընթացքին Անի Յովսէփեան հաստատ քայլերով կրցած է վերջապէս նուաճել Եւրոպայի կանանց ախոյեանութիւնը եւ դառնալ առաջին հայ մարզուհին, որ ձեռք կը ձգէ սոյն տիտղոսը:
ՄԱԼԽԱՍ ԱՄՈՅԵԱՆ՝ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
 Հայաստանը ներկայացնող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտիկ Մալխաս Ամոյեան ոսկի մետալ նուաճեց Սպանիոյ Պոնտեւեթրա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի աշխարհի մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութեան:
77 քկ. ծանրութիւն ունեցող հայ ըմբիշը եզրափակիչին 7 – 2 հաշուով յաղթեց մոլտովացի Ալեքսանդրին Քուտուին: Մինչ այդ, 63 քկ. ծանրութիւն ունեցող Հրաչեայ Պօղոսեան 3-րդ դիրքին համար տեղի ունեցած մարտին 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ուքրանիացի Մաքսիմ Լիուին եւ նուաճեց պրոնզեայ մետալը:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան