Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ԱՄՆ-ի օրէնսդիրներուն կոչ կ’ուղղէ քննարկուող տարեվերջեան ծախսերու փաթեթին մէջ ընդգրկել Արցախին 50 միլիոն տոլարի օգնութեան փաթեթը: Այս մասին կը յայտնէ Հայ Դատի Յանձնախումբը:
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտեզին հասցէագրուած նամակին մէջ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Ռաֆֆի Համբարեան ամերիկահայ համայնքի եւ գործընկերներու անունով շնորհակալութիւն յայտնած է անոր Կովկասի մէջ ԱՄՆ քաղաքականութեան վերաբերեալ վերջին լսումներուն համար:
Լսումներուն ընթացքին Պոպ Մենենտեզ անընդունելի անուանած էր Ուաշինկթընի ռազմական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին եւ արցախահայերուն օգնութիւն չուղարկելը:
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Մենենտեզին ուղղուած նամակին մէջ նաեւ կը նշուի հետեւեալը. «Ինչպէս ցաւալիօրէն երեւցաւ Ձեր լսումներու ընթացքին, ԱՄՆ-ի ներկայիս ներգրաւուածութիւնը տարածաշրջան կը ղեկավարուի քարիւղով հարուստ Ատրպէյճանի կողմէ՝ փտած բռնապետութեան կողմէ, որուն Պայտընի վարչակազմը թույլ տուած է թելադրել ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը»։
Քոնկրէսի հայկական յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրէնք Փալոնին յղած նամակին մէջ Համբարեան շեշտած է. «Ինչպէս գիտէք, Պայտընի վարչակազմը, ինչպէս նախապէս Թրամփի վարչակազմը, Ատրպէյճանի ճնշման տակ Արցախին ԱՄՆ մարդասիրական օգնութիւնը արգելափակելու անխոհեմ եւ անպատասխանատու քաղաքականութիւն վարած է՝ հակառակ այնտեղ անոր լուրջ կարիքին, ինչպէս նաեւ երկու կուսակցութիւններու լայն աջակցութեան, որ այս օգնութեան ծրագիրը կը վայելէ Քոնկրէսի երկու պալատներուն մէջ։ Արցախին ԱՄՆ-ի օգնութեան դէմ Ատրպէյճանի վեթոյի վերացումը Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ մեր համայնքի  դաշնակցային գործընկերներու համար օրէնսդրական գերակայութիւն է»:
Սեպտեմբերին քոնկրէսական Փալոն եւ Նեւատայի քոնկրէսական Թինա Տիտուս Քոնկրէսի աւելի քան 45 անդամներու աջակցութեամբ դիմած էին ԱՄՆ պետքարտուղար Էնթընի Պլինքընին եւ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) տնօրէն Սամանթա Փաուըրին` կոչ ուղղելով «անյապաղ քայլերու ձեռնարկել՝ յատկացնելով զգալի միջոցներ» վտանգի տակ գտնուող Արցախի հայ բնակչութեան»: