Երկուշաթբի, 12 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Լիբանանի խորհրդարանի անդամ, Լիբանանի ՀՅԴ Կ․Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի եւ Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հանդիպում ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի հետ։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին ներկայ էին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան, Քեսապի Ազգ. Երեսփոխան Նշան Լնդեան եւ Լաթաքիոյ Ազգ. Երեսփոխան Աւետիս Կարպուշեան:
Յակոբ Բագրատունի շնորհաւորեց սրբազան հայրը եւ օրհնաբեր ծառայութեան իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց անոր:
Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնները տալով Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն ընդառաջ, քաջառողջութիւն եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց անոր։