Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2022-ի միջօրէին, տարեկան աւանդութեան համաձայն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Յանձնախումբը շարունակելով բարեսիրական ծառայութիւնը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս 2022-ի ծնունդ 61 նորածին մանուկներու նիւթական նուէրներ պարգեւեց:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունելով նորածին մանուկներն ու իրենց ծնողները, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եւ Նոր Տարուան ու Սուրբ Ծնունդի տօներուն առիթով հայ ընտանիքներուն եւ նորածիններուն՝ առողջ եւ արեւշատ օրեր մաղթեց:
Այս առիթով, Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Նպաստից յանձնախումբի անդամներուն աստուածահաճոյ ծառայութիւնը: