16-18 Դեկտեմբեր 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, իր ընտրութենէն ետք, առաջնորդական իր անդրանիկ հովուական այցելութիւնը կու տայ Ճեզիրէ շրջանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Արդարեւ, Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Սրբազան Հայրը ժամանեց Գամիշլի, ուր տեղւոյն օդակայանէն ներս ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Ազգ. երեսփոխաններու, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին, պատկան մարմինին, շրջանի ազգայիններու, օդակայանի տնօրէնին եւ զինուորական պատասխանատուին կողմէ, ապա ուղղուեցաւ դէպի Ս. Յակոբ եկեղեցի, որուն մուտքին պաստառի վրայ գրուած «Օրհնեալ Եկեալ Անուամբ Տեառն» օրհներգութեան բառերով, ՀՄԸՄ-ի Գամիշի մասնաճիւղի փողերախումբին խանդավառող նուագակցութեամբ դիմաւորուեցաւ, քրիստոնեայ համայնքներու եպիսկոպոսներուն, եկեղեցւոյ դպրաց դասուն եւ գամիշլիահայութեան կողմէ: Աղ ու հացի աւանդական օրհնութիւն կատարուեցաւ, Համազգայինի «Վանայ» պարախումբի անդամուհիներուն տարազաւոր ներկայութեամբ:
Սրբազան Հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան:
Սրբազան Հայրը դպրաց դասի անդամներով թափօր կազմած եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեան ներքոյ մուտք գործեց եկեղեցի: Կանոնական աղօթք մատուցելէ ետք, Մակար Սրբազան աղօրհնէք կատարեց:
Ճեզիրէ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան արաբերէն լեզուով ընթերցեց նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հօր կենսագրութիւնը:
Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Ճեզիրէի թաղականութեան, ազգային, մարդասիրական եւ բարեսիրական միութիւններուն անունով բարի գալուստ մաղթեց նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հօր, յայտնելով որ Ճեզիրէի հայութիւնը աստուածավախ եւ եկեղեցասէր ժողովուրդ է, կապուած է եկեղեցւոյ եւ կը յարգէ իր հոգեւորականները: Ան մաղթեց, որ Աստուծոյ աներեւոյթ աջը պահապան ըլլայ Սրբազան Հօր, որպէսզի Ս. Հոգիին միջնորդութեամբ առաջնորդական ճամբայէն ընթանայ եւ որպէս քաջ եւ բարի հովիւ, Սողոմոն իմաստունին նման իմաստութեամբ ղեկավարէ եւ առաջնորդէ մեր քաջարի եւ համբերատար ժողովուրդը:
Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան ժողովուրդին ուղղեց իր հայրական պատգամը: Ան նախ գոհութիւն եւ փառք վերառաքեց մեր բոլորին Հօր՝ Աստուծոյ, որ զինք Բերիոյ պատմական Թեմի առաջնորդական գահին վրայ բազմելու եւ Իր քաղցր լուծը կրելու արժանի դարձուց, որպէսզի իբրեւ հաւատարիմ ոչխար՝ Քրիստոսի ձայնը լսելով հետեւի Իրեն եւ իր ծառայութիւնը բերէ ազգային իշխանութեան բոլոր մարմիններուն, քաղաքական եւ կրօնական ժողովին, որպէսզի մեր ծառայական լուման դնենք մեր եկեղեցւոյ, ազգին, ընկերութեան, մշակութային, հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու պահպանման եւ շարունակութեան համար:
Սրբազան Հայրը երախտապարտութեան խօսք ուղղեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին, Քահանայ Հօր, Թաղական Խորհուրդին եւ բոլոր ներկաներուն, որոնք քաղցրութեամբ եւ սիրով համախմբուած այս ընդունելութիւնը կազմակերպեցին: Ան երախտապարտութեան խօսք ուղղեց քոյր եկեղեցիներու եւ յարակից յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն եւ եպիսկոպոսներուն, որոնց հետ եկեղեցւոյ ճամբով կոչուած է ծառայելու ժողովուրդին եւ անոր ընդմէջէն Աստուծոյ:
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց իւրաքանչիւրը՝ եկեղեցական թէ աշխարհական, Քրիստոսի դեսպանը ըլլալու եւ համագործակցութեամբ միասնաբար յառաջ տանելու մեզի վստահուած պարտականութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացնելով առ Ամենաբարին Աստուած, մաղթեց որ Ամենակալը պահէ ու պահպանէ Սուրիական Հայրենիքը եւ անոր գլխուն կանգնող Վսեմաշուք նախագահ Տոքթ. Պաշար ալ-Ասատը, Սուրիոյ բանակը եւ պետական աւագանին, որպէսզի յառաջ տանին եւ պահպանեն երկիրը:
Մակար Սրբազան ժողովուրդին փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները, հայրական սէրը եւ օրհնութիւնները, յայտնելով, որ ան միշտ կը յիշէ իր հօտի զաւակները եւ աղօթակից է մեզի: «Ազգային Ընդհ. Ժողովի երեք օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետ իր մտքին առանցքը դարձուցած էր սուրիահայութիւնը, Սուրիան եւ լիբանանահայութիւնը, որպէսզի կարենանք գոյատեւել, շարունակել եւ ոտքի կանգնիլ», աւելցուց Սրբազան Հայրը:
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Տէրունական Աղօթք»-ով:
Այնուհետեւ, Փոխանորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ աջահամբոյր՝ ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: