21 Փետրուարին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինի մէջ ընդունեց Եւրոխորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւորներ, Եւրոպա Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի համանախագահներ Սիլվի Կիյոմիին եւ Ֆրանսուա Ալֆոնսին գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ ուղեկցութեամբ ՀՅԴ Հայ Դատի եւրոպական գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանին։
Հանդիպումին Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր գնահատանքը բերաւ խորհրդարանականներուն արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման համար բերած ջանքերուն համար։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց ՀՅԴ Հայ Դատի եւրոպական գրասենեակին՝ եւրոպական տարբեր կառոյցներու մէջ արցախահայութեան հարցերու հետեւողական արծարծումին եւ ազատ ու անկախ ապրելու արդար իրաւունքի պաշտպանութեան համար։
Վեհափառ Հայրապետը, հիւրերուն ներկայացնելով տարածաշրջանի մէջ տիրող փխրուն իրավիճակը եւ ի մասնաւորի Լաչինի միջանցքի արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային ճգնաժամը, անդրադարձաւ այս առնչութեամբ միջազգային հանրութենէն հայ ժողովուրդի ակնկալութիւններուն։ Նորին Սրբութիւնը նկատեց, որ տարածաշրջանը ապակայունացնող՝ Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը կարելի է կանխել բարեկամ երկիրներու զօրակցութեամբ եւ միջազգային հանրութեան յստակ դիրքորոշումով։
Զրոյցի ընթացքին Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները, դատապարտելով ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները պատերազմի եւ յետպատերազմեան շրջանին, Նորին Սրբութեան վստահեցուցին, որ պիտի շարունակեն եւրոպական կառոյցներու մէջ իրենց աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը բերել Հայաստանին եւ արցախահայութեան։