24 Փետրուարին «Արցախի Հանրապետութեան Միջազգային Ճանաչման Հրամայականը» գիտագործնական համաժողովին իր ելոյթին ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրo Մանոյեան ըսաւ.
«1993-94 թուականներուն, երբ Հայաստան արդէն ընդունուած էր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն, պատճառ չունէր չճանչնալու Արցախի անկախութիւնը: 30 տարիներու նպատակը՝ Արցախի անկախութեան ճանաչումն ու միացումն էր: Անկախ երկու պետութիւններ կրնան իրենց ուզածը ընել: Կը ստորագրեն պայմանագիր եւ կը միանան: Միջազգային ճանաչումը ինքնանպատակ չէ: Իմ խօսքը այս իշխանութիւններուն չի վերաբերիր, անոնք պէտք է մեկնին, որովհետեւ պատերազմի մէջ պարտուած քաղաքական ուժ են, եթէ նոյնիսկ ցանկան, չեն կրնար գտնել այնքան քաղաքական կամք, որպէսզի պարտուածի հոգեբանութենէն դուրս գան»։
Ան նաեւ ցաւով յայտնեց, որ Արցախ ինքզինք պաշտպանելու կարելիութենէն գրեթէ զրկուած է:
«Առանց Արցախի ինքնապաշտպանութեան համակարգի հզօրացման՝ շատ բաներ ցանկութենէն այն կողմ չեն կրնար անցնիլ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան: