Աստուած իմ, որքա՞ն անցեր է ահաւոր երկրաշարժներէն, բայց մենք ահա կը վերադառնանք, կամ կը փորձենք վերադառնալ մեր առօրեային: Կեանքը սակայն, բոլոր պարագաներուն ալ, կը շարունակուի: Ուրեմն մենք եւս, հաւաքելով մեր ոյժերը որքան որ կրնանք, կը շարունակենք:
* * *
Քանի մը շաբաթ առաջ գաղութին երէց տիկիններէն մէկը պատմեց, որ ունեցած բոլոր լուսանկարները պատռեր է եւ ձերբազատուեր անոնցմէ:
Շրջան մը առաջ մայրս ալ նոյն «աշխատանք»-ին ձեռնարկեր էր. հազիւ կրցեր էի մեր տոհմին նկարները փրկել այդ «աշխատանք»-էն:
Աւելի երիտասարդ օրիորդ մը կ’ըսէր թէ կարդացած է այն գաղափարը, որ եգիպտահայոց մէջ իրապէս մեծ է թիւը լուսանկարիչներուն. ինչո՞ւ հարցումին կը պատասխանէր՝ երկու պատճառներով՝ նախ շատ դիւրին է գաղթել, աշխատանքը՝ լուսանկարի մեքենան հետը տանիլ այլ երկիր մը, եւ հոն նոր աշխատանքի ձեռնարկել, եւ երկրորդ՝ լուսանկարելը ամէնէն ապահով, արագ եւ հաղորդական միջոցն է կեանքը վաւերագրելու, մենք որ Եղեռնէն ետք մեր անցեալի կեանքը վաւերագրող ոչինչ կրցանք բերել մեզի հետ: Այս առիթով կ’արժէ նշել, որ շատ լաւ ձեռնարկ է «Յուշամատեան» կայքէջը (https://www.houshamadyan.org/), ուր կը հաւաքուին մեր անցեալի փաստաթուղթերն ու լուսանկարները:
Այս երկուքին միջեւ եթէ բաղդատութիւն մը ընենք, կը նշանակէ՞ ուրեմն որ այսօրուան կեանքը հոս, Եգիպտոսի, կամ արեւմտեան այլ երկրի մը մէջ ապահով է (փառք Տիրոջ), հետեւաբար պէտք չունինք լուսանկարներով հաստատելու մեր ապրածը, հետեւաբար կրնանք ձերբազատուիլ անոնցմէ, մանաւանդ որ մեր նոր սերունդները լաւագոյն եւ կենդանի վաւերագրումն են մեր պատմութեան:
Ասիկա տեսակէտ մըն է անշուշտ:
Այլ գաղութէ մը այլ տիկին մը՝ Քարմա Էքմէքճի կը գրէր, համացանցի իր էջին բաւական հին փաստաթուղթ մը տեղադրած.
«Ասիկա ներփող մըն է, գրուած մեծ մեծ հօրս համար, զոր մայրս՝ հնաբան մը, գտած է հին թուղթերու մէջ: Կը հրաւիրեմ բոլոր անոնց, որոնք արաբերէն կրնան կարդալ, կարդալու այս գիրը: Կը հաւատամ, որ մեր նախնիքը մեր էութիւնը կը բնորոշեն. բնաւ պէտք չէ մոռնանք թէ ուրկէ՛ կու գանք: Ես հպարտ եմ իմ իրաքեան, սուրիական, լիբանանեան արմատներովս, հայկական ժառանգութեամբս եւ ընտանիքիս հանրային ծառայութեան ոգիով»:
«Մեծ մեծ հայրս՝ Տիգրան Էքմէքճեան, MBE (Member of the Order of the British Empire), Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն 1901-ի շրջանաւարտ է, մետալակիր Բրիտանական Կայսրութեան, ծառայած է Իրաքի եւ շրջանին մէջ»:
«Գուրգուրացէ՛ք ձեր ունեցած նամակներուն, թուղթերուն, լուսանկարներուն եւ փաստաթուղթերուն վրայ: Կը յուսամ որ օր մը մեր զաւակները եւս պիտի գնահատեն մեր փաստաթուղթերը եւ գուրգուրան անոնց վրայ»:
Եթէ չըլլար այս փատաթուղթը, այդ երիտասարդ տիկինը պիտի չիմանար իր մեծ մեծ հօր նուաճումները, որոնք ոչ միայն հպարտութիւն կը ներշնչեն իրեն, այլ նաեւ կը մղեն, որ ինք եւս ապրի ծառայութեան եւ կատարելութեան հասնելու նոյն ոգիով:
Հետաքրքրականը սակայն այս մէկ-երկու միջադէպերուն միաժամանակ ըլլալն է. մէկ կողմէ երէցները իրենց ունեցածը կը փճացնեն, միւս կողմէ երիտասարդներ կը պեղեն իրենց արմատները եւ կը գուրգուրան ամենէն փոքր թուղթի կտորին վրայ իսկ: Ինչպէ՞ս բացատրել ասիկա:
Սակայն յստակ է, որ լուսանկարները, փաստաթուղթերն ու նամակները, որքան ալ անհատական-ընտանեկան ըլլան, միաժամանակ մաս կը կազմեն միջավայրին, մաս կը կազմեն գաղութներու պատմութեան եւ կը հաստատեն մեր ընտանիքներուն հինէն եկող սերունդներուն շարունակականութիւնը, թէեւ սփիւռքահայերուս ջախջախիչ մեծամասնութեան պապերը Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մարդիկ են:
Արեւմտեան աշխարհին մէջ այնքա՜ն կարեւորութիւն կը տրուի ընտանեկան ծառին, որ յատուկ գործակալութիւններ կան, որոնք տրուած փոքր տուեալներուն վրայ կը փորձեն բաւական ետ երթալ ընտանիքի մը պատմութեան մէջ եւ հասնիլ արմատներուն, այս աշխատանքին համար բաւական մեծ գումարներ գանձելով:
Իսկ Էլլիս կղզիի թանգարանին մէջ (ԱՄՆ, Նիւ Եորք) յատուկ բաժին մը կայ, արխիւ մը, որ նուիրուած է Ամերիկա գաղթած մարդոց տուեալներուն, որոնց կարելի է հասնիլ համացանցային էջը երթալով:
Որովհետեւ երկու թէ աւելի դար առաջ Ամերիկա մտնելու համար արտօնութեան կամ վիզա առնելու պէտք չկար. կը բաւէր նաւ մը ճարել, երկու ամիս ճամբորդել, հասնիլ Ամերիկայի «դուռը», հերթի կանգնիլ, անունը արձանագրել եւ … «դրախտավայր» մտնել:
Պատահական անուն մը կը գրեմ կայքէջի պաստառին վրայ՝ Ճոն Պալաքեան եւ քանի մը երկվայրկեան ետք կը գտնեմ հետեւեալը.
Անուն հասնելու թուական նաւու անուն վերջին բնակավայր
Ճոն Պալաքեան 1955 Queen Of Bermuda Թուրքիա
Մենք, եթէ ուզենք իսկ, պիտի ունենա՞նք տեղ մը, ուր կարենանք փնտռել մեր պապերուն մանրամասնութիւնները: Ուրեմն աւելի լաւ չէ՞ այսօր պահել ի՛նչ որ ունինք, քան վաղը փնտռել բան մը, որ կրնայ վերջնականապէս կորսուած ըլլալ:
Մեր գաղութներուն նոր շրջանի պատմութիւնը, այսինքն 1920-էն ետքի պատմութիւնը չէ գրուած, չի գրուիր, բացի անհատական քանի մը փորձերէ, որոնք ընդհանրապէս կը բեւեռուին միութենական կամ կուսակցական դէպքերու վրայ:
Իսկ ընտանիքներու պատմութիւններուն ընդհանրապէս շատեր չեն անդրադառնար:
Ժամանակին գեղեցիկ սովորութիւն մը ունէինք՝ իւրաքանչիւր հարսի օժիտին մէջ, ամէնէն աչքառու տեղը դնել Աստուածաշունչ մը: Աւելի լաւը սակայն այն էր, որ ընտանեկան Աստուածաշունչը կը փոխանցուէր անդրանիկ արու զաւակին: Ասիկա կարեւոր էր, որովհետեւ այդ Գիրքերուն մէջ, Հին եւ Նոր Կտակարաններուն միջեւ գտնուող քանի մը պարապ էջերուն վրայ կ’արձանագրուէր տոհմին պատմութիւնը՝ ծնողներուն անուններն ու ծննդեան թուականը, պսակուողներուն անուններն ու պսակի թուականը եւ մեռնողներուն անուններն ու մահուան թուականը: Ընտանեկան տոհմածառը պահելու պարզ եւ գեղեցիկ սովորութիւն: Նոյնիսկ հայատառ թրքերէն Աստուածաշունչերուն մէջ կը գտնենք նման արձանագրութիւններ, հայատառ գրի առնուած:
Այսօր վստահ չեմ թէ այս սովորութիւնը տակաւին կը շարունակուի:
Թէեւ երիտասարդներուն համար խորթ է «պահելու» գաղափարը, որովհետեւ «ամէն բան, նոյնիսկ անձդ ինք կարելի է թուայնացնել», բայց եթէ չունենանք ատաղձը, այլ խօսքով՝ պահած չըլլանք մեր լուսանկարներն ու փաստաթուղթերը, ի՞նչը պիտի թուայնացնենք. ի վերջոյ ի՛նչ որ թուայնացուած կը գտնենք համացանցին վրայ, օր մը մէկը հոն տեղադրած պէտք է ըլլայ:
Բոլորս ալ կ’աշխատինք այնպէս, որ մեզմէ վերջ գոնէ բարի անուն մը մնայ: Լուսանկարները, թուղթերն ու փաստաթուղթերը այդ բարի անունին կամ մեր կեանքի վաստակին ապացոյցերն են: Կ’ուզէք՝ թուայնացուցէք, շատ աւելի լաւ, բայց որեւէ ձեւով պահեցէ՛ք եւ գուրգուրացէ՛ք անոնց վրայ:
Մարուշ Երամեան