Երկրաշարժը կարելիութիւն ստեղծեց իրականացնելու այն՝ ինչ որ քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտութիւնը տարիներ շարունակ չէին յաջողած իրականացնել։ Յատկապէս Սուրիոյ պարագային, երկրաշարժը մարդասիրական նկատառումներով նոր ընթացք տուաւ Սուրիա-արաբական աշխարհ յարաբերութիւններուն, անկախ ԱՄՆ-ի կամ արեւմտեան աշխարհի պատժամիջոցներէն։ Հազարաւոր մարդասիրական օդանաւեր արաբական եւ արեւմտեան երկիրներէ հասան Սուրիա, շրջանցելով քաղաքական տարակարծութիւններն ու քարացած կեցուածքները։
Շուրջ տասնամեակ մը սառած Սուրիա- արաբական աշխարհ յարաբերութիւնները ակնթարթի մը մէջ վերաշխուժացան։ Ակներեւ էին յատկապէս Սուրիա այցելած արաբական խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամներուն այցելութիւնը, Եգիպտոսի վարչապետին այցելութիւնն ու նախագահ Ասատին հետ հանդիպումը, բայց մանաւանդ Յորդանանի եւ Եգիպտոսի նախագահներուն նախագահ Ասատի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը։
Արաբական շարք մը երկիրներ շրջանցեցին պատժամիջոցները եւ անմիջապէս փութացին Սուրիոյ ժողովուրդին օգնութեան։
Նոյնիսկ Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը բացին սուրիական պետութեան հետ անմիջական յարաբերութեան գիծը։ Այլ խօսքով երկրաշարժը նոր թափ տուաւ Սուրիա-արաբական աշխարհ յարաբերութիւններուն եւ պարարտ հող ստեղծեց Սուրիոյ Արաբական Լիկա վերադարձին համար։ Նախագահ Ասատին հանդիպումը արաբական խոհրդարանական պատուիրակութեան անդամներու հետ այս ենթահողը երեւան կը հանէր եւ Սուրիոյ երկար տարիներու համբերատար քաղաքականութեան պտուղը կÿարտացոլացնէր։
Եգիպտոսի վարչապետին Սուրիա, ապա նաեւ Թուրքիա այցելութիւնը, Սուրիոյ նախագահին Օման այցելութիւնը, արաբականէն անդին, Սուրիա-տարածաշրջանային երկիրներ յարաբերութիւններու վերականգնումի ճիգերը լուսարձակի տակ կը բերէին նաեւ։
Արաբական երկիրներու պատուիրակութեանց խօսքերէն եւ մամլոյ ասուլիսներէն կարելի էր եզրակացնել, որ մարդասիրական օժանդակութիւններու առիթով բոլորը կÿարտայայտէին նաեւ իրենց զօրակցութիւնը Սուրիոյ, շեշտելով անոր տարածքային ամբողջականութեան պահպանումն ու սուրիական տագնապի բացառաբար քաղաքական լուծման անհրաժեշտութիւնը։
Սուրիոյ Հալէպ, Լաթաքիա, Իտլիպ եւ Հոմս նահանգներու աղէտեալ քաղաքներ յայտարարուիլը չէր կրնար անտարբեր թողուլ նաեւ ԱՄՆ-ն, արեւմտեան երկիրներն ու ՄԱԿ-ը։ Որպէս արդիւնք պատժամիջոցներու սահմանափակումը եւս անկասկած իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ գէթ Սուրիոյ ժողովուրդի տնտեսական եւ կենցաղային ծանր իրավիճակի բարելաւման վրայ։ Մինչդեռ Սուրիա-արաբական աշխարհ յարաբերութիւններու շուտափոյթ վերաշխուժացումը կրնայ դիւանագիտական աշխուժութեան կողքին դրական անդրադարձ ունենալ երկրի տնտեսութեան եւ Սուրիոյ պետութեան քաղաքական յարաբերութիւններուն վերաշխուժացման վրայ։
Ներկայ աշխարհին մէջ բնական աղէտներն ու անոնց աւերիչ արդիւնքները առիթ կը հանդիսանան շատ մը երկիրներու համար շրջանցելու իրենց տարակարծութիւնները, հետեւաբար մարդասիրական օժանդակութիւններն ու անոնց հետեւանքով աշխուժացած դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը ծառայեն ցանկալի հաղորդակցութեան վերստեղծման։
Եթէ Սուրիա-Թուրքիա մերձեցման նշաձողերը հեռու կը թուին ըլլալ, արաբական աշխարհի միասնութեան նպաստող դիւանագիտական ներկայ քայլերը պտղաւորուելու աւելի մեծ հաւանականութիւն ունին։