Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պաշտօնաթերթ` «Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսը, 2022-ին բոլորեց իր հիմնադրութեան 60-ամեակը:

Սփիւռքի ու Հայաստանի միջեւ գրական կամուրջ հանդիսացած ու աւելի քան վեց տասնամեակ արեւմտահայ դասական ու ժամանակակից գրողները համախմբած «Բագին»-ը, գրական, գրաքննադատական, իմացական ու գեղարուեստական իր բովանդակութեամբ կը հանդիսանայ նաեւ երիտասարդ մտաւորականութեան եւ նորարար միտքի հարթակ մը:

Անցնող տասնամեակներուն բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով «Բագին»-ը հրապարակած է աւելի քան 40.000 էջ գրականութիւն, եւ շարունակելով թիավարել հոսանքն ի վեր` կը շրջանցէ մերօրեայ դժուարութիւնները, տնտեսականէն մինչեւ սերնդափոխութիւն ու աւելի՛ն:

«Բագին» ժամանակին հետ քայլ պահելով կարելի բոլոր միջոցներով հասանելի կը դառնայ իր ընթերցողներուն: Արդ, ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ «Բագին»-ի 60-ամեակին առիթով խմբագրութիւնը յառաջացուցած է «Բագին մատենաշար»-ը, որ կը միտի հարստացնել հայ գրականութեան շտեմարանը, լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս սփիւռքեան գրական-քննադատական աշխատութիւնները, որոնցմէ պիտի կարենան օգտուիլ ուսումնասիրող մտաւորականութիւնն ու գրասէր հանրութիւնը:

«Բագին»-ի 60-ամեակին առիթով հիմնադրուած այս մատենաշարը կը սկսինք յիսնամեակի մը վրայ ցրուած` սփիւռքահայ մտաւորական Յարութիւն Քիւրքճեանի վաստակէն ընտրուած յօդուածներու համախմբումով մը` «Սփիւռք եւ ինքնացում – (Սփիւռքահայ կացութիւն եւ գրականութիւն – վերլուծումներ)»: Հատորը կը մէկտեղէ հեղինակին բազմաթիւ յօդուածներէն փունջ մը, որոնք կը յղուին որոշ ժամանակահատուածի մը, եւ անոր իւրայատուկ` սփիւռքեան գոյութենական հարցադրումներու խորքի մը, այլին հետ միջ-յարաբերութիւններու ընդելուզումի մը ընդմէջէն սփիւռքը վերածելու մտածումի վայրի մը:

Հատորը հասանելի է Համազգայինի գրախանութներուն եւ «Բագին»-ի գրասենեակին միջոցով:

«ԲԱԳԻՆ»-Ի ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ