Շուրջ 70 տարի ետք Սիւնիքի հրամանատարը դարձեալ կը համախմբէ իր գաղափարակից ընկերները: Սիւնիքէն կը լսուի Նժդեհին կանչը եւ 6 Յունուար 2023-ին Երեւանի մէջ ՀՅԴ երիտասարդական համագումարի մեկնարկը կատարելէ ետք՝ իրենց առաքելութեան նկատմամբ լրջախոհ ընկերները կը մեկնին Գորիս:
Հայրենիքի մէջ ՀՅԴ երիտասարդական առաջին ձեռնարկն էր, որուն ներկայ գտնուեցայ: Խանդավառուած էի… Երբ սրահ հասանք, առաջին անգամ համագումարի պաստառը ուշադրութիւնս գրաւեց: Անոր վրայ տարբեր երկիրներէ համագումարին մասնակցող ՀՅԴ ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու խորհրդանշաններն էին, ինչպէս նաեւ համագումարի կարգախօսը, որ կը ներկայացնէր Գ.Նժդեհի հանրածանօթ խօսքը «Եթէ կ’ուզես գուշակել ազգի մը ապագան, նայիր անոր երիտասարդութեան»:
Համագումարի միտքը պարզ էր արդէն՝ լուսարձակը կը դրուէր ազգի ապագան կերտելու գործին մէջ երիտասարդի դերին վրայ: Համագումարի բացումին տեսայ բոլոր ընկերներն ու ընկերուհիները, որոնց ծանօթ էի հեռուստացոյցէն կամ ընկերային ցանցերէն, երբ անոնք կը մասնակցէին յանուն հայրենիքի փրկութեան ցոյցերուն եւ ոչ մէկ ջանք կը խնայէին զարթնեցնելու ժողովուրդը՝ հայրենիքն ու ազգը սպառնացող վտանգներուն առաջքը առնելու: Այնտեղ էին նաեւ բոլոր այն ընկերները, որոնք նոյն ցոյցերու ժամանակ բերման ենթարկուեցան, ձերբակալուեցան եւ ամիսներով բանտերու մէջ մնացին: Ահա անոնց պայքարի ոգին չէր մարած, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու արգելքներուն անոնք կրկին կը գտնուէին պատնէշի վրայ, կրկին Արցախի ձայնը բարձրացնելու եւ հասցնելու աշխարհի տարբեր անկիւններ:
Ֆիզիքապէս բացակայ էին անոնք, որոնք 2020-ի Արցախի քառօրեայ պատերազմին իրենց ամենաթանկը զոհելով պաշտպանեցին հայրենիքը, նաեւ անոնք, որոնց մուտքը Հայաստան արգիլուեցաւ՝ հայ ազգին ձայնը բարձրացնելու եւ Արցախի Ատրպէյճանի բաժին դառնալը մերժելու իրենց կեցուածքին համար։
Ընկերներէն տեղեկացայ, որ համագումարը պիտի կայանար Արցախի մէջ, սակայն որովհետեւ երկու ամիսէ ի վեր Արցախը կը գտնուի շրջափակման մէջ, վայրը տեղափոխուած է Սիւնիք: Բացումին Արցախի ընկերները հեռաուղերձով յայտնեցին իրենց պատգամը հաստատելով, որ թէեւ ֆիզիքապէս ներկայ պիտի չըլլան, սակայն պիտի պայքարին ամէն միջոցներով պահելու հայրենիքն ու հայու ինքնութիւնը:
Ողջունելի էր համագումարի վայրը տեղափոխել Սիւնիք: Ինչո՞ւ Սիւնիք: Որովհետեւ Սիւնիքը նոյնքան կարեւոր դիրք ունի եւ նոյնքան կարեւոր է պահպանել անոր հայկական ինքնութիւնը, որքան Արցախինը: Սիւնիքն ու անոր միջանցքը կը հանդիսանան փանթուրքիզմի գաղափարի իրականացման արգելքը: Թշնամին մինչ օրս կը պայքարի գրաւելու համար այդ միջանցքը, հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է Արցախի հետ միասին մեր ուշադրութիւնը դարձնել նաեւ դէպի Սիւնիք:
Զիս ամէնէն աւելին գրաւեց տիրող մթնոլորտը, աշխարհի տարբեր կողմերէ ժամանած, սակայն նոյն գաղափարին հաւատացող ու ծառայող ընկերներու զրոյցը ոգեշնչող էր: Կը կարծէի, թէ իւրաքանչիւր երկրի երիտասարդութիւն միայն իր մտահոգութիւններով տարուած է, սակայն ո՛չ, գլխաւոր մտահոգութիւնը մէկ էր՝ Արցախը, իսկ գաղափարը՝ պայքարիլ հասնելու մեր նպատակին՝ Արցախ եւ Սիւնիք հայրենիքներու վերելքին եւ այդ ուղիով ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիքին:
Գարեգին Նժդեհի շունչը կը թեւածէր սրահին մէջ։ Կասկած չունիմ, որ համագումարին եւս նժդեհեան գաղափարախօսութեամբ, վճռականութեամբ ու արիութեամբ օրակարգեր սերտուեցան եւ բանաձեւեր ամրագրուեցան: Անհամբեր պիտի սպասենք համագումարի աշխատանքներու ամփոփումին:
Արփի Գէորգեան