Արցախի շրջափակումը թեւակոխեց 100-րդ օրը: 100 օրուան մէջ Ատրպէյճան ոչ մէկ դրական քայլի դիմեց Բերձորի միջանցքը բանալու առումով: Աւելին. Ատրպէյճանի նախագահը ամէն միջոց օգտագործելով սպառնալիքներու ոճը սաստկացուց այս կացութեան մէջ առաւելագոյնը խլելու ցանկութեամբ:
Ալիեւ, ի սկզբանէ, ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ Արցախի կարգավիճակի լուծման մէջ միջազգային կողմերու դերակատարութիւնը չէզոքացնելու եւ Արցախի հարցը, որպէս այսպէս կոչուած «ատրպէյճանական համայնքի հարց», ներքին կարգով, կամ Արցախի իշխանութիւնը Պաքու բանակցութեան հրաւիրելով լուծել փորձելով:
Արցախի մերժումը այս հրաւէրին Ալիեւի քաղաքական ծուղակին մէջ չիյնալու յստակ պատասխան է: Եթէ հայկական կողմը տարիներ շարունակ կարեւոր համարած է Արցախի ներգրաւումը բանակցութիւններուն մէջ, այդ բանակցութիւնները նախատեսած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին միջնորդութեամբ, ոչ թէ Ատրպէյճան-Արցախի իշխանութիւններ  վտանգաւոր տարբերակով:
Հակառակ Արցախի հարցը Հայաստանէն ու հայկականութենէն անջատելու իր փորձերուն, Ալիեւի երկրորդ ճնշումը կը բանեցուի Հայաստանի վրայ, երբ Թուրքիա իր այցելութեան առիթով, զուտ թրքական եւ ոչ միջազգային միջավայրի մէջ, Հայաստանի շարք մը տարածքներ ատրպէյճանական կը համարէ, այսպէս կոչուած Հայաստանէն տեղահանուած ատրպէյճանցիները Հայաստան վերադարձնելու մարտահրաւէր կը կարդայ, նոյնանման տեղահանուածներ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ վերադարձնելու ճամբան հարթ դարձնելու կոչ կ’ուղղէ հայկական կողմին եւ տակաւին Զանգեզուրի միջանցքին մասին պահանջներով հանդէս կու գայ:
Փաստօրէն Ատրպէյճան կ’ուզէ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու այս առիթէն, Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմէն, Իսրայէլ-Իրան լարուածութենէն առաւելագոյն չափով եւ արագօրէն օգտուիլ, սպառնալիքներու լեզուն օգտագործելով, պահանջներու առաստաղը բարձրացնելով:
Հայկական կողմը եւս ունի հակափաստարկներ, որոնց ճիշդ պահուն եւ ճիշդ ուղղութեամբ օգտագործումը կրնայ սանձել Ատրպէյճանի սպառնական ոճն ու լեզուն:
Ատրպէյճան կը խախտէ ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահներուն միջնորդութեամբ իր իսկ ստորագրած համաձայնագիրները վերջին երեք տասնամեակներու ընթացքին, աւելի ուշ նաեւ 9 Նոյեմբերին իր ստորագրած եռակողմ յայտարարութիւնը, ուր կը բացառուի ուժի եւ սպառնալիքներու կիրարկումը եւ ազատ երթեւեկութիւնը Բերձորի միջանցքով պահելու պարտաւորութեան մասին պարբերութիւն կ’արձանագրուի:
Եթէ Հայաստանէն տեղահանուած ազերիներու մասին մատնանշում պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի կողմէ, տրամաբանօրէն լուսարձակի տակ պիտի բերուի նաեւ Նախիջեւանի Ինքնավար մարզէն, Պաքուէն, Սումկայիթէն եւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հազարաւոր բնիկ հայերու եւ իրենց թալանուած ինչքերու, սրբապղծուած մշակութային հարստութեան հարցը: Ազգերու ինքնորոշման միջազգային իրաւունքի խախտումը եւս պիտի դատապարտուի եւ այդ իրաւունքը տեւաբար լուսարձակի տակ պահուի, իսկ Բերձորի ապօրինի շրջափակման մասին Լահայի դատարանի որոշումը ի գործ դրուելու քարոզչական, քաղաքական եւ դիւանագիտական միասնական ճիգեր պիտի թափուին հայկական կողմէն:
Այս բոլորը իրենց հանգիստ հունը կրնան գտնել աշխարհաքաղաքական ներկայ լարուածութեան աստիճանական մեղմացումով: Այդ իսկ պատճառով Ատրպէյճան, օգտուելով Թուրքիոյ  եւ Իսրայէլի թիկունքէն, կը ջանայ կարճ ժամանակի մէջ լարուածութիւնը հասցնել գագաթնակէտին ու բռնի ուժով հարցեր լուծել, քանի դեռ աշխարհը տարուած է ծաւալուն այլ հարցերով:
Հայկական կողմը առաւելագոյնս հարցը քաղաքական ուղիներ առաջնորդելու, միջազգային ազդեցիկ կողմերու, դաշնակիցներու հարաւային Կովկասի մէջ շահագրգռուածութիւնը բարձրացնելու եւ Ատրպէյճանի ապօրինի քայլերը միջազգային հարթակներ հասցնելու իր ճիգերով, միեւնոյն ատեն ազգային միասնական ճակատի մը ամրապընդումով կարելիութիւն կ’ունենայ ատրպէյճանաթրքական սպառնալիքներուն դէմ դնել ու հարցին միակողմանի բռնի լուծումը կանխել: