Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան Կիրակի եւ Երկուշաբթի, 26-27 Մարտ 2023-ին երկու օրով մեկնեցաւ Տերիք՝ ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Վարդան Մուրատեանի։
Գալստեան Կիրակիի Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան։
Երեկոյեան ժամը 5։00-ին, հայր սուրբը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Նախագահեց Մեծ Պահոց Խաղաղական եւ Հանգստեանի Ժամերգութիւններուն, մասնակցութեամբ քահանայ Հօր, Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն եւ Տերիքի հաւատացեալ ժողովուրդին։
«Հաւատով Խոստովանիմ»-ը ընթերցեցին Տերիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը արարողութեան ընթացքին քարոզեց եւ օրուան իբրեւ հոգեւոր խորհրդակցութեան նիւթ բնաբան ունենալով «Սիրէ Ընկերդ քու անձիդ պէս» (Մտ 22:38) նախադասութիւնը։
Այնուհետեւ հայր սուրբը, քհնյ. հայրը, թաղական խորհուրդը և հաւատացեալները հանդիպում ունեցան դահլիճէն ներս, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց եւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։
Երկուշաբթի օր հայր սուրբը Տերիքի թաղականութեան հետ այցելեց Ազգ. Ազատութիւն վարժարանը եւ մօտէն հետեւեցաւ կրթական աշխատանքներուն։ Հայր սուրբը գնահատեց ուսուցչական կազմը, դպրոցի տնօրէնութիւնը եւ թաղական խորհուրդը՝ իրենց աշխատանքներուն համար։
Աւարտին հայր սուրբը ուսուցչական կազմին հետ կարկանդակ հատեց ուսուցչական տօնին առիթով։
Նոյն օրը կէսօրին Հայր Սուրբը եւ ընկերացող պատուիրակութիւնը հետեւեցաւ նոր երիցատան շինարարական աշխատանքին։ Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամները հայր Սուրբին բացատրեցին կատարուելիք աշխատանքը։ Հայր սուրբը յայտնեց թէ նոր երիցատան եւ Ազգ. Ազատութեան վարժարանի նորակառոյց կրթական յարկի բացումը պիտի կատարուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի ձեռամբ իր Տերիք Հովուական առաջին այցելութեան ընթացքին։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն