Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ Սուրիոյ Հանրապետութիւնը կը շեշտէ սուրիական հողերէն ԱՄՆ-ի ուժերուն քաշուելու եւ անոնց Սուրիոյ պետութեան վերահսկողութեան տակ առնուելու անհրաժեշտութիւնը։
Հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ նաեւ. «Սուրիոյ Հանրապետութիւնը կոչ կ՚ուղղէ աշխարհի բոլոր պետութիւններուն՝ Սուրիոյ նեցուկ կանգնելու եւ դատապարտելու սուրիական հողերուն վրայ ԱՄՆ-ի յարձակումները» ։