27 Մարտը Թատրոնի միջազգային օրն է: Օրուան առիթով ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, Գտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան նախարար Նորայր Մկրտչեան.
«Թատերարուեստի յարգարժան գործիչներ ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ մասնագիտական տօն օրուան առիթով:
Թատրոնը անձի եւ հասարակութեան գեղագիտական ու հոգեւոր դաստիարակութեան անփոխարինելի միջոց է: Անիկա բոլոր ժամանակներուն եղած է ու կը մնայ վեհի, գեղեցիկի, բարոյականի հետ առնչուելու, իրական կեանքի արտացոլման, կենցաղայինէն մինչեւ արժէհամակարգային հարցերու վերհանումւ ու անոնց կարելի լուծումներու առաջադրման հարթակ: Թատրոնը անբացատրելի յոյզեր ու վառ գոյներ կը բերէ մեր կեանք՝ տանելով դէպի անհատական ու համազգային երազանքներու կերտում, վեհ գաղափարներու իրագործում, մղում մարդասիրութեան ու հայրենասիրութեան:
Մեր հասարակութիւնը բոլոր ժամանակներու մէջ առանձնայատուկ վերաբերմունք տածած է թատրոնի եւ թատերական գործիչի հանդէպ: Յետպատերազմեան ու շրջափակուած Արցախի մէջ, ցաւօք, թատրոնը պակսած է մեր կեանքին մէջ: Լիայոյս եմ՝ մեր թատերական գործիչներու նուիրումի, արուեստի ու հանդիսատեսի հանդէպ սիրոյ շնորհիւ եւ պետական հոգածութեան հետեւանքով կարելի պիտի ըլլայ վերականգնել արցախեան թատրոնի երբեմնի շուքը:
Բեմարուեստի յարգարժան գործիչներ, թատրոնի նուիրեալներ, դուք էք թատրոնի անմար կրակի պահապանները: Կը մաղթեմ ձեզի ստեղծագործական խիզախումներ, հաւատարմութիւն բեմին ու հանդիսատեսին, լեփ-լեցուն դահլիճներ»: