Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին խորհրդարանի լսումներու ընթացքին Ատրպէյճանին կոչ ուղղած է վերաբանալու Լաչինի միջանցքը եւ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները:
«Արմենփրէս»-ի փոխանցումին համաձայն, Քանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկումի ընթացքին պատգամաւոր Ճին Յիփ ներկայացուցած է Քանատայի հայ համայնքի մտահոգութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան աճի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչութեամբ: Պատգամաւորը յիշեցուցած է, որ Լաչինի միջանցքը արդէն աւելի քան 100 օր է՝ արգելափակուած է, որ հանգեցուցած է մարդասիրական ճգնաժամի:
Ճին Յիփ արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ճոլիին խնդրած է ներկայացնել Քանատայի կառավարութեան կողմէն ձեռնարկուած քայլերը այս հարցին շուրջ:
Քանատայի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը շեշտած է, որ կարեւոր է յարգել հրադադարը, որուն կ’աջակի նաև Եւրոմիութեան դիտորդական խումբը: