Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ Դամասկոսի մէջ ընդունեց Յորդանանի, Իրաքի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ գիւղատնտեսութեան նախարարներու քառակի ժողովին մասնակից նախարարները։ Նախագահը շեշտեց, որ աշխարհի ժողովուրդներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները փաստեցին, որ պետութիւնները սննդեղէնի ապահովման առումով չեն կրնար ինքնաբաւ ըլլալ։ Լուծումը միայն բարեկամ երկիրներու գիւղատնտեսական ոլորտի գործակցութեան մէջ կը կայանայ, շեշտելով, որ ճարտարարուեստի զարգացման հետ մէկտեղ, կլիմայի փոփոխութեան ազդեցութիւնը գիւղատնտեսական հատուածին վրայ տարածաշրջանի պետութիւններուն միջեւ գործակցութիւն կը պահանջէ, նկատի ունենալով, որ գիւղատնտեսութիւնը եկամուտի եւ արտադրութեան գլխաւոր աղբիւրն է, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու պարէնային ապահովութեան գլխաւոր գործօնը։ Նախագահ Ասատ դիտել տուաւ, որ 4 պետութիւններուն միջեւ գիւղատնտեսական փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուիլը արաբական երկիրներու գործակցութեան ռազմավարութիւնը կÿուրուագծէ, աւելցնելով, որ եթէ լուրջ աշխատանք տարուի այս ուղղութեամբ, գիւղատնտեսական եւ պարէնային ապահովութիւն պիտի գոյանայ տրածաշրջանի ողջ երկիրներուն համար։
Իրենց կարգին, նախարարները յայտնեցին, որ փոխըմբռնման յուշագիրը արդիւնաբեր քայլ մըն է պարէնային ապահովութեան իրականացման եւ գիւղատնտեսական առեւտուրի յաջողութեան համար։