Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի մամլոյ հաղորդակցութեան համաձայն Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէկ սատարուած հակաշրջափակման AJR 1 բանաձեւը, որ դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի 100-օրեայ շրջափակումը, ընդունուած է Քալիֆորնիոյ Համագումարի(Խորհրդարան) դատական յանձնաժողովին կողմէն՝ երկկուսակցական ճնշող աջակցութեամբ:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տեղական ղեկավարները ներկայ էին յանձնաժողովի լսումներուն եւ ցուցմունք տուին ի պաշտպանութիւն բանաձեւի արագ ընդունման, որ կը վերահաստատէ Քալիֆորնիոյ կողմէն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը, Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՚ուղղէ շտապ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու արցախահայութեան եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու Ատրպէյճանը իր յարձակումին համար՝ կիրառելով Պաքուին տրամադրուող զինուորական օգնութեան 907-րդ յօդուածի սահմանափակումները:
«Սա խիզախ քայլ է՝ դատապարտելու Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի շրջափակումը, եւ Քալիֆորնիոյ հաւատարմութեան վերահաստատումը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին խօսած է մեր արժէքներու էութեան մասին՝ որպէս ամերիկացիներ եւ որպէս Քալիֆորնիոյ բնակիչներ», ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Սան Ֆրանսիսքոյի ներկայացուցիչ՝ Խաչիկ Թազեան յանձնաժողովի առջեւ։ «Այս բանաձեւով եկէք համոզուինք, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը եւ մեր հարկային տոլարները թոյլ չեն տար Ատրպէյճանի յարձակումը հայ ժողովուրդին դէմ, քանի որ Ալիեւի վարչակարգը
կ’իրականացնէ այս ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան քիթին տակ»:
Հայ Դատի Յանձնախումբի Պըրպենքի Մասնաճիւղի երկարամեայ ղեկավար՝ Անդրանիկ Ջարչաֆճեան խօսած է ամերիկահայ համայնքի եւ շրջափակումէն տուժած Արցախի ժողովուրդին միջեւ խոր կապերու մասին: «Արցախի 120.000 բնակիչներուն մէջ է իմ որդին, որ ծնած եւ մեծցած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ եւ տեղափոխուած է Հայաստան՝ օգնելու գիւղական համայնքներուն։ Անոր Հայաստան ժամանելէն անմիջապէս յետոյ Ատրպէյճանը սկսաւ իր յարձակումը Արցախի վրայ, իսկ որդիս մնաց օգնելու տեղահանուած փախստականներուն: Մինչ շրջափակումը, ան կ’ապրէր Արցախի մէջ՝ մարդասիրական աշխատանքով եւ դրամահաւաքով պատերազմէն տուժած համայնքներուն համար։ Հիմա ան կնոջ եւ մեր 16 ամսական թոռնուհիին հետ 100 օրէն աւելի շրջափակման մէջ են»։
Համագումարի անդամ Քրիս Հոլտընին միացան համագումարի անդամներ՝ Լաուրա Ֆրիտման, Վենդի Քարիլեօն, Լիզա Քալտերօն, Մեկան Տալ, Մայք Կիփսհն, Մայք Ֆոնգ, Թոմ Լաքին, Քոթի Փեթրի-Նորիսը, Էլոիզ Կոմէս Ռեյես, Լուզ Ռիւաս եւ Պլանքա Ռուպիոն՝ որպէս համահեղինակներ։ Բանաձեւը Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտին նաեւ միատեղ կը ներկայացուի ծերակուտական Էնթօնի Փորթանթինոն, որուն համահեղինակներն են ծերակուտականներ Պոպ Արչուլետան եւ Սքոթ Ուիլքը:
«Այսօր AJR 1-ն ընդունեց վեհաժողովի դատական յանձնաժողովը երկկուսակցականներու ճնշող աջակցութեամբ: Ես կանգնած եմ սփիւռքահայ համայնքի եւ իմ գործընկերներուն կողքին, քանի որ մենք կը խնդրենք անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն Արցախի հայերուն համար եւ պատասխանատուութեան կ’ենթարկենք Ատրպէյճանը», ըսած է համագումարի անդամ Քրիս Հոլտընը:
Բանաձեւը կու գայ ԱՄՆ Քոնկրեսի կողմէն նախագահ Պայտընի վրայ ճնշումներու լոյսին տակ, որպէսզի Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկուի հայ ժողովուրդին դէմ իր լկտի յարձակումին համար: Ներկայացուցիչ Ֆրենք Փալոն, Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբի համանախագահներ Կաս Պիլիրաքիս, Ատամ Շիֆը եւ Տեյուիտ Վալատաօն եւ Քոնկրեսի աւելի քան 80 գործընկերներ առաջնորդած են Ներկայացուցիչներու պալատի երկկուսակցական բանաձեւը (H.Res.108), որ կը դատապարտէ շրջափակումը եւ կոչ կ’ուղղէ անյապաղօրէն միջոցներ ձեռնարկելու Արցախի 120,000 հայերուն համար կենսականօրէն անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնը երաշխաւորելու համար, որոնք զրկուած են սնունդէ, վառելիքէ եւ բժշկական պարագաներէ եւ այլ կենսական նշանակութիւն ունեցող մարդասիրական ապրանքներ աւելի քան 100 օր սառցակալման պայմաններու տակ։
Ներկայացուցիչ Ֆրենք Փալոն, Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահը, նոյնպէս վերջերս Քոնկրեսի նամակ ուղղած է պետական-արտաքին գործողութիւններու գծով յատկացումներու ենթայանձնաժողովի նախագահ Մարիօ Տիազ Պալարտին եւ վարկանիշային անդամ Պարպարա Լիին կոչ ուղղելով դադրեցնելու ԱՄՆ զինուորական օգնութիւնը Ատրպէյճանին եւ կոչ ուղղած է 50 Միլիոն ԱՄՆ տոլարի շտապ օգնութիւն տրամադրելու Արցախին՝ տարածաշրջանի 120,000 հայերու մարդասիրական եւ վերականգնման կարիքները բաւարարելու եւ 100 միլիոն, ԱՄՆ տոլար՝ անվտանգութեան, տնտեսական, կառավարման եւ օրէնքի գերակայութեան համար դէպի Հայաստան։
AJR 1-ը քննարկման պիտի դրուի Քալիֆորնիոյ համագումարի նիստերու դահլիճին մէջ Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2023-ին:
Շրջափակման առաջին օրուընէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ անոր տեղական մասնաճիւղերը կ’աշխատին Սպիտակ տան, Պետակամ բաժինի եւ Քոնկրեսի ղեկավարներուն հետ՝ կոչ ուղղելով անոնց դադրեցնելու ԱՄՆ զինուորական օգնութիւնը Ատրպէյճանին եւ շտապ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու Արցախ: Հազարաւոր մարդիկ արդէն օգտուած են ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի առցանց հարթակէն՝ զանգահարելու, թուիթըրին եւ գրելու Սպիտակ տան եւ Քոնկրեսի ղեկավարներուն՝ անյապաղօրէն լուծելու արցախեան այս ընդլայնող մարդասիրական ճգնաժամը: