«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
www.TheCaliforniaCourier.com
20 Մարտ 2023-ին, ԱՄՆ Պետական Բաժանմունքը հրապարակած է 2022 թուականի մարդկային իրաւունքներու մասին իր տարեկան զեկոյցը: Զեկոյցը ընդգրկած է 198 երկիր եւ տարածք, ներառեալ Հայաստանը:
Զեկոյցի գործադիր ամփոփագիրը կը նկարագրէ 2021ի խորհրդարանական ընտրութիւնները. «ընդհանուր առմամբ, ընտրութիւնները լաւ կառավարուած են, եւ մրցակիցները յաջողած են ազատ քարոզարշաւ իրականացնել։
Ընտրութիւնները, սակայն, բնութագրուած են նաեւ ուժեղ բեւեռացմամբ եւ խաթարուած են աւելի ու աւելի բորբոքուած հռետորաբանութեամբ: Դիտորդական առաքելութիւնը նշած է, որ «ընտրութիւններու օրուան նախորդող ժամանակահատուածին կոշտ, անհանդուրժողական, բորբոքուած եւ խտրական հռետորաբանութեան բարձր մակարդակը արատաւորած է բանավէճը»։ Միւս թերութիւնները ներառած են նախընտրական միջոցառումներուն մասնակցելու համար ճնշում գործադրելու դէպքերը, ձայներու գնման մեղադրանքները, իշխող կուսակցութեան եւ պետութեան միջեւ սահմանի պղտորումը, վարչական միջոցներու ենթադրեալ չարաշահումը, քարոզարշաւի ֆինանսաւորման անբաւարար դրոյթները եւ ընտրական բողոքներ ներկայացնելու թոյլ կողմը»:
Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւունքներու տարբեր խախտումներու մասին Պետական Բաժանմունքը գրած է, որ «ըստ արժանահաւատ հաղորդումներու՝ եղած են անվտանգութեան ուժերու ներկայացուցիչներու կողմէ խոշտանգումներ, բանտային կոշտ պայմաններ, կամայական ձերբակալութիւն կամ կալանաւորում, դատական անկախութեան հետ կապուած լուրջ խնդիրներ, կամայական կամ անօրինական միջամտութիւն անձնական կեանքին, խօսքի ազատութեան սահմանափակում եւ յանցագործութիւններ, որոնք կը ներառեն բռնութիւն կամ սպառնալիքներ՝ քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներու եւ ԼԳԲՏՔ համայնքի ներկայացուցիչներու հանդէպ, ինչպէս նաեւ մանկական աշխատանքի վատթարագոյն ձեւերու դրսեւորումներ:
Կառավարութիւնը ձեռնարկած է միայն սահմանափակ քայլերու՝ նախկին եւ ներկայ պետական պաշտօնեաներու եւ իրաւապահ մարմիններու կողմէ ենթադրեալ չարաշահումները հետաքննելու եւ պատժելու համար:
2020ի ռազմական գործողութիւններու ընթացքին հայկական զինուած ուժերու կամ անհատներու կողմէ կատարուած ենթադրեալ չարաշահումներու մասին կառավարութեան հետաքննութեան ընթացքին որեւէ առաջընթաց չէ արձանագրուած»:
2022ին Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակման մասին Պետական Բաժանմունքը գրած է. «Տեղեկութիւններ կան, որ ատրպէյճանական ուժերը Սեպտեմբերին կատարած են ապօրինի սպանութիւններ եւ ցուցաբերած դաժան, անմարդկային կամ նուաստացուցիչ վերաբերում հայկական ուժերու հանդէպ»:
Պետական Բաժանմունքը «Կամայական կեանքէ զրկելու եւ այլ անօրինական կամ քաղաքական դրդապատճառներով սպանութիւններ» ենթավերնագիրի տակ մտահոգութիւն յայտնած է․ «բանակի մէջ ոչ մարտական մահերու եւ այդ մահերու մասին իրաւապահ մարմիններու կողմէ արժանահաւատ հետաքննութիւն չկատարելու կապակցութեամբ»։
Այնուհետեւ Պետական Բաժանմունքը մանրամասնած է ընտրութիւններու կապուած հետագայ խնդիրները. «Ընտրութիւններուն առնչուող կամայական ձերբակալութիւններու մասին հաղորդումները շարունակուած են։ Իրաւապահները Տաւուշի մարզի մէջ 25 Սեպտեմբերի ընտրութիւններուն օրը ձերբակալած են ընդդիմադիր դաշինքի՝ «Ուժեղ համայնք»ի կապուած համայնքապետարանի երկու պաշտօնեայ:
Այս ձերբակալութիւնները յաջորդած են 2021 Յունիսին խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ եւ ատկէ ետք Սիւնիքի մարզի մէջ ընդդիմութեան կապուած չորս քաղաքապետերու կալանաւորման»։
Լուրջ հարցեր եղած են նաեւ դատարաններու կապուած. «դատական համակարգը չէ դիտարկուած իբրեւ անկախ կամ անկողմնակալ՝ կաշառակերութեան եւ քաղաքական ազդեցութեան, բարեփոխումներուն դիմադրութեան եւ վերջին աղմկայարոյց գայթակղութիւններու պատճառով:
Չհաստատուած տեղեկութիւններ եղած են դատաւորներու վրայ ազդելու կառավարութեան փորձերուն մասին: Գործերու մեծ ծանրաբեռնուածութիւնը, հանրային վստահութեան բացակայութիւնը եւ կառավարութեան ճնշման մասին պնդումները չեն քաջալերած մասնագէտները, որ դիմեն դատական պաշտօններու: Տարուան ընթացքին ՀԿ-ները շարունակած են զեկուցել դատաւորներու մասին, որոնք ձեռք բերած են զգալի քանակութեամբ գոյք եւ ունեցուածքներ, որոնք համաչափ չեն անոնց աշխատավարձքին եւ շարունակած են նշել, որ գործող բոլոր դատաւորներու ստուգման բացակայութիւնը՝ հիմնուած անաչառ չափանիշներու վրայ, մասնաւորապէս՝ Գերագոյն դատարանի, Դատական խորհուրդի եւ Սահմանադրական դատարանին մէջ, խարխլած է դատական համակարգի պարկեշտութիւնը։ Անոնք նաեւ նշած են, որ գործող դատաւորներու տարեկան ունեցուածքի յայտարարագրման ստուգումները սահմանափակ են իրենց շրջանակին մէջ եւ չեն օգնած կաշառուած դատաւորներու հեռացման»:
Պետական Քարտուղարութեան զեկոյցի 2րդ բաժինը կը վերաբերէր «Քաղաքացիական ազատութիւններու նկատմամբ յարգանքին»: «Խօսքի ազատութիւնը, այդ շարքին՝ մամուլի եւ այլ լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներու» ենթավերնագիրի տակ, զեկոյցին մէջ կ՛ըսուէր, որ «կառավարութիւնը հիմնականին մէջ կը յարգէ այս իրաւունքը, թէեւ որոշ սահմանափակումներով»։
Զեկոյցին մէջ «Բռնութիւն եւ ոտնձգութիւն» թեմայով կ՛ըսուէր. «Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէ տեղական ՀԿ-ն, մէկ տարուան ընթացքին, հաղորդած է 16 լրագրողներու նկատմամբ բռնութեան 14 դէպքերու մասին, որոնց մեծ մասը եղած է իրաւապահներու կողմէ եւ տեղի ունեցած է այն ժամանակ, երբ լրագրողները կը լուսաբանէին ընդդիմութեան ցոյցերը»։
Զեկոյցի մէջ «Խաղաղ հաւաքներու ազատութեան» մասին կ՛ըսուի. «մինչ կառավարութիւնը, ընդհանուր առմամբ, կը յարգէր հաւաքներու ազատութիւնը, եղած են որոշ սահմանափակումներ, մասնաւորապէս՝ ոստիկանութեան կողմէ ուժի ոչ համաչափ կիրառումը ցուցարարներու դէմ, ոստիկանութեան դաժանութիւնը ցուցարարներու եւ լրագրողներու հանդէպ եւ ցուցարարներու կամայական կալանաւորումը…:
2 Յունիսին, «Կիներու նկատմամբ բռնութիւնը դադրեցնելու» դաշինքը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ դատապարտելով ոստիկաններու կողմէ ցուցարարներու հանդէպ բռնութիւնը, բռնի ձերբակալութիւնները, ծեծը եւ նուաստացուցիչ վերաբերումը ցուցարարներու, այդ շարքին՝ կիներու հանդէպ: 21 Սեպտեմբերի առաւօտեան, ոստիկանական յատուկ ուժերը ուժ կիրարկած եւ բերման ենթարկած են զոհուած զինծառայողներու 37 հարազատներու՝ հիմնականին մէջ կիներ, որոնք հաւաքուած էին զինուորական պանթէոնի մուտքին մօտ եւ կը սպասէին վարչապետի եւ այլ պաշտօնեաներու ժամանման»։
Հայաստանի մասին Պետական Քարտուղարութեան ծաւալուն զեկոյցը քննադատօրէն, սակայն ճշգրիտ կերպով շատ մանրամասնօրէն նկարագրած է մարդկային իրաւունքներու տարբեր խախտումները։
Թէեւ Պետական Բաժանմունքը չի դասակարգեր երկիրները ցուցակով, սակայն ԱՄՆի մէջ գործող Freedom House իր ազատութեան վարկանիշով Հայաստանը գնահատած է իբրեւ «մասամբ ազատ»: Հիասթափեցնող է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ ժողովրդավարական իշխանութիւն հաստատելու քողի տակ իշխանութեան գալէն հինգ տարի անց, Հայաստան տակաւին կը դասակարգուի իբրեւ «Անցումային խառն վարչակարգ»։
Միակ մխիթարութիւնը Հայաստանի համար այն է, որ անոր երկու թշնամի դրացիները՝ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, շատ աւելի ցած միաւորներ ունին։ Ե՛ւ Ատրպէյճան, եւ՛ Թուրքիա Freedom House-ի ազատութեան վարկանիշով դասուած են իբրեւ «ոչ ազատ»: Ժողովրդավարական կառավարման տեսանկիւնէն, Ատրպէյճան կը դասակարգուի իբրեւ «Ամուր բռնապետական վարչակարգ», իսկ Թուրքիայի մասին զեկոյցը տակաւին պատրաստ չէ։
Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան