Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Հարաւային զինուորական շրջանի ռազմակայանի հրաձգային ստորաբաժանումներու անձնակազմը, Ալագեազ բարձր լեռնային շրջանին մէջ ծրագրուած վարժանքներու ծիրին մէջ ՌՊ-7Վ ձեռքի հակահրասայլային նռնականետէ կրակած է պայմանական հակառակորդի զրահապատ սպառազինութեան նմանող թիրախներու վրայ:
Վարժանքներու ընթացքին զինուորները ջախջախած են 250-300 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող հակառակորդի հրասայլերու նմանող կեղծ թիրախները: Կրակոցները կատարուած են ցերեկային եւ գիշերային ժամերուն:
Հրահանգիչներու եւ ստորաբաժանումներու հրամանատարներու յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է եղանակային տարբեր պայմաններուն մէջ նպատակադրման հմտութիւններու կատարելագործման եւ կրակոցներէն ետք դիրքերը փոխելուն:
Վարժանքներու առանձնայատկութիւններէն էին ծովու մակարդակէն աւելի քան 2000 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող լեռնային եւ քարքարոտ տարածքի պայմանները: