Սիրտը մարդուն մարմինին մէջ մկանային օրկան մըն է, որ արիւնը կ’արտամղէ դէպի մեր մարմինի բջիջները՝ մատակարարելով սնունդ եւ թթուածին։ Այսպէս կ’ըսեն գիտնականներն ու բժիշկները սիրտին մասին։
Սիրտը սիրոյ եւ երջանկութեան աղբիւրն է։ Ան անսահման սէր կը պարգեւէ իր շրջապատին։ «Սիրտը անհրաժեշտ է սիրելու համար, իսկ սէրը՝ կեանքը գեղեցկացնելու», կ’ըսեն դրական մտածողներն ու զգացապաշտները:
«Առանց սիրոյ չեմ կրնար ապրիլ», կ’ըսէ սիրահարը։
«Սէրն ու սիրելը սոսկ բառեր են, որոնք քնացած են բառարաններու մէջ։ Իսկական սէրը միայն երեւակայական հեքիաթներուն մէջ գոյութիւն ունի», կ’ըսէ յուսախաբ մը։
Իսկ բանաստեղծներուն ներշնչման աղբիւրը սէրն է: Անոնք բանաստեղծութիւններով կը փառաբանեն սիրելին, կ’երգեն սիրոյ ցաւն ու տառապանքը։
Կարգ մը փիլիսոփաներ արհամարհելով սիրոյ զօրութիւնը տիեզերքին մէջ, կը փորձեն փաստել, թէ միտքն է իշխողը. հետեւաբար մարդիկ իրենց գիտելիքներուն եւ փորձառութեան հիման վրայ պէտք է առնեն իրենց որոշումները, ոչ թէ ականջ տալով իրենց զգացումներուն։
Արդարեւ, «սիրտ» եզրոյթը ունի զանազան սահմանումներ։ Անոր իմաստը կը փոխուի տեղէ տեղ, ժամանակէ ժամանակ, անձէ անձ։
Այսքանը սիրտին մասին, իսկ սրտի՞կը… գիտէ՞ք, թէ սիրտը ինչպէ՛ս վերածուեցաւ սրտիկի։ «Իկ» մասնիկը աւելցնելով չեղաւ միայն այս անցումը։
Բնականաբար մեզմէ իւրաքանչիւրը ուշ կամ կանուխ կ’իյնայ սիրոյ արկածախնդրութեան մէջ, սրտիկին պարագան տարբեր էր սակայն։
Սիրտին ուշադրութիւնը գրաւեց մէկը, սիրտը այնքան սիրեց, որ իրմէ մեծ մաս մը նուիրելով վերածուեցաւ սրտիկի։ Շրջան մը վերջ, սիրեկանը կոտրելով սրտիկը եւ արհամարհելով անոր զոհաբերութիւնը հեռացաւ անկէ։ Սրտիկը կիսատ մնաց։
Ժամանակի ընթացքին մարմինի միւս անդամներն ու օրկանները եւ մանաւանդ խելքը փորձեցին օգնել սրտիկին՝ անոր համոզելով, որ սրտիկը շա՜տ զօրաւոր է, հետեւաբար պէտք է սորվի իր սխալներէն, չվստահի ուրիշին եւ այլեւս հաւատայ, որ սիրտը պարզապէս օրկան մըն է, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։
Սակայն սրտիկը մինչեւ օրս կը սպասէ անոր, որուն սիրով պիտի ամբողջացնէ իր գոյութիւնը եւ կրկին վերադառնայ սիրային աշխարհ. աշխարհ մը, ուր այնքան ուրախ էր, որ իր բաբախիւնը մեղեդիի վերածուած էր։
Աննա Պետրոսեան