2 Ապրիլին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի նախաձեռնութեամբ Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցած է երդման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ընթացքին ՀՀ տարբեր մարզերէն շուրջ 50 նորագիրներ համալրած են ՀՅԴաշնակցութեան շարքերը։
Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ներկաներոին ուղղուած խօսքով հանդէս եկած են ՀՅԴ Բիւրոյի աշխատակազմի ղեկավար, իրանագէտ Սարգիս Մկրտչեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան։
Անդրադառնալով վերջին շրջանին ՀՅԴաշնակցութեան դէմ սաստկացող բռնաճնշումներուն՝ Սարգիս Մկրտչեան իր խօսքին մէջ ըսած է․
«Չի ներուիր Դաշնակցութեան հայրենասիրութիւնը, սակայն կը ներուին օտարներու ծաւալապաշտական նկրտումները։ Չի ներուիր Դաշնակցութեան արդարամտութիւնը, բայց կը ներուի Հայաստանի մէջ թէ Հայաստանէն դուրս ուժի իրաւունքի կիրառումը։ Չի ներուիր Դաշնակցութեան ժողովրդավարութիւնը, բայց կը ներուին ժողովրդավարութեան քօղի տակ Հայաստանի մէջ, թէ Հայաստանէն դուրս բռնապետութեան հաստատումը»։
Ընդգծելով մեր օրերուն հայրենիքի ճակատագիրին համար պատասխանատուութիւն ստանձնելու կարեւորութիւնը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ Դաշնակցութիւնը կը մերժէ օրուան իշխանութեան առաջարկած «փրկութիւնը յանձնուելու մէջ է» բանաձեւը՝ ատիկա համարելով ինքնաոչնչացման ճանապարհ։
«Մենք մեր ժողովուրդին կ’առաջարկենք պայքար յանուն փրկութեան եւ պատրաստ ենք ըլլալու այդ պայքարի եւ՛ զինուորը, եւ՛ առաջամարտիկը։
Դիմադրութիւն, միասնակաութիւն, պայքար. ասիկա է Արցախը հայկական պահելու, Հայաստանը թշնամիի ոտնձգութիւններէն պաշտպանելու միակ ճանապահը», եզրափակած է իր խօսքը Սաղաթէլեան։
Նախաձեռնութիւնը աւարտած է Սրադարապատի յուշահամալիրին մէջ գտնուող Արամ Մանուկեանին նուիրուած յուշաքարին մօտ տեղի ունեցած երդման խորհրդանշական արարողութեամբ։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի
Հանրային կապերու գրասենեակ
2 Ապրիլ 2023 թ.,Երեւան