Կիրակի, 16 Ապրիլին, ՀՅԴ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի յանձնախումբերու խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին Հալէպի Ազգ. գերեզմանատան մէջ զետեղուած Արցախի հալէպահայ նահատակներու՝ Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի, յուշակոթող եւ ծաղիկներ զետեղեցին անոր դիմաց։
Տիար Աւօ Գաթրճեան ընթերցեց նահատակներուն կենսագրական տուեալները։
Տէր Մաշտոց Ա. Քահանայ Արապաթլեանի «հոգւոց հանգուցելոց» աղօթքէն ետք, այցելուները ծաղիկներ զետեղեցին նաեւ Հալէպի հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան հրամանատար, նահատակ Ռաֆֆի Պչաքճեանի շիրիմին, ապա նաեւ դաշնակցական նուիրեալներ Սահակ Նալպանտեանի եւ Քեռի Թաթոյի շիրիմներուն։