ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ՏԱՆՏԻԿՆՈՋ
Խոհանոցը տան ամենաջերմ անկիւնն է, ուր տանտիկինը կ’անցընէ օրուան ամենահաճելի պահերը:
Խոհանոցին մէջ աշխատելու եւ բաւականաչափ խոհարարական հմտութիւն ունենալու համար անհրաժեշտ է, որ տեսական գիտելիքներուն կողքին ունենանք նաեւ՝ գործնականը: Տան մէջ սննդարար եւ առողջապահական ճաշերու պատրաստութեան համար կարելի է անձամբ ճշդել օգտագործուելիք նիւթերուն որակն ու քանակը՝ ըստ փափաքի:
Առողջ կենսակերպ վարելը խիստ կարեւոր է, որովհետեւ թոյլ կու տայ մեզի խուսափիլ հիւանդութիւններէ՝ պահպանելով մեր առողջութիւնը։
ՉԱՄԻՉՈՎ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿ
2 գաւաթ ալիւր
1 ա. դգալ թթխմոր
1 թ. դգալ վանիլ
1 գաւաթ ձիթաիւղ
1 գաւաթ շաքար
1 գաւաթ կաթ
1 գաւաթ պտուղի հիւթ
4 հաւկիթ
Չամիչ (քանակը ըստ փափաքի)
Պատրաստութիւն
Հաւկիթը, շաքարն ու կաթը խորունկ ամանի մը մէջ իրարու խառնել, յետոյ աստիճանաբար աւելցնել ձիթաիւղը, վանիլը, թթխմորը, չամիչը եւ ալիւրը։
Կարկանդակի ափսէն իւղել, ալիւր ցանել եւ խառնուրդը պարպել ափսէին մէջ։
180 ջերմաստիճան նախապէս տաքցած փուռին մէջ թխել զայն մօտաւորապէս 40 վայրկեան։ Պաղելէն ետք սպասարկել։
ՊԱՆԻՐՈՎ ՍՊՈՒՆՔԱՆՄԱՆ ԽՄՈՐԵՂԷՆ
Բաղադրութիւն
1 գաւաթ կաթ
1 1/2 թ. դգալ փխրեցուցիչ
2 ա. դգալ փոշի շաքար
1 ա. դգալ փոշի կաթ
1 ա. դգալ աղ
1/2 ա. դգալ օսլայ
1/2 գաւաթ կարագ
2 հաւկիթ
1 հատ վանիլ
Զարդարանքին համար
Հաւկիթի դեղնուց
1 ա. դգալ հեղուկ կաթ
Սեւագնդիկ
Միջուկը
Մոզարելլա եւ շիտըր պանիրներու խառնուրդ
Պատրաստութիւն
Խմորը շաղելէ ետք կէս ժամ հանգչեցնել, յետոյ միջուկը լեցնել, ձեւաւորել զայն եւ միջակ տաքութեամբ փուռին մէջ եփել մօտաւորապէս կէս ժամ։
Նուշիկ Սողոյեան-Առաքելեան