ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հալէպի Ահլին 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Դամասկոսի Ուահտէն, իսկ առաջին հորիզոնականը գրաւող Ուասպէն 0 – 0 հաւասարութեամբ աւարտեց Հըթինի հետ մրցումը, ինչպէս նաեւ նոյն արդիւնքով աւարտեցաւ Թալիա Մաճըտ խումբերուն մրցումը: Դամասկոսի մէջ Ֆըթուէն 3 – 0 արդիւնքով յաղթեց Քարամէին։
– Սուրիոյ պասքեթի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, Դամասկոսի մէջ Ուահտէն հիւրընկալեց Հալէպի Ահլին։ Մրցումը աւարտեցաւ 72 – 70 արդիւնքով՝ ի նպաստ Ահլիին, իսկ Հալէպի Ճալաաը 80 – 62 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուասպէն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴՐՕՇԸ ԱՅՐԵՑԻՆ
Երեւանի Կարէն Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ ընթացք առած ծանրամարտի Եւրոպայի առաջնութեան բացման արարողութեան ընթացքին, Արամ Նիկոլեան դահլիճ բարձրանալով այրեց Ատրպէյճանի դրօշը: Արարողութեան ընթացքին, Եւրոպայի առաջնութեան խորհրդանշական ինքնաթիռը վայրէջք կատարեց համալիրի բեմահարթակ, ապա ինքնաթիռէն կարգով դուրս եկան առաջնութեան մասնակից 40 երկիրներու դրօշները: Ատրպէյճանի դրօշը բռնած աղջկան ձեռքէն առնելէ եւ, որպէս բողոքի արտայայտութիւն Ատրպէյճանի յարձակումներուն եւ բռնարարքներուն, այրելէ ետք, Արամ Նիկոլեան տեղւոյն ապահովական ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուեցաւ, որմէ ժամեր ետք ան ազատ արձակուեցաւ եւ ոստիկանատան դիմաց դիմաւորուեցաւ ծափահարութիւններով։ Նշենք, որ դէպքէն ետք Ատրպէյճանի հաւաքականը հրաժարեցաւ մրցաշարքի մասնակցութենէն եւ հեռացաւ հայաստանէն:
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ
Թուրքիոյ մէջ ընթացող Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանական մրցաշարքին, Հայաստանի մարմնամարզիկները յաջողեցան ձեռք ձգել երկու մետալ: Օղակներու եզրափակիչ մրցումներուն հայաստանի կողմէ ներկայացան երկու մարզիկներ: Արթուր Աւետիսեանը 14, 433 կէտով գրաւեց 7-րդ դիրքը, իսկ փորձառու մարզիկ Վահագն Դաւթեան ապահովեց 14.733 կէտ եւ ճանչցուեցաւ Եւրոպայի մրցաշարքի փոխախոյեան: Նոյն մարզաձեւին Հայաստանը ներկայացնող երկրորդ մարզիկը՝ Արթուր Դաւթեան, նուաճեց պրոնզէ մետալ եւ գրաւեց երրորդ հորիզոնականը:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան