ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՆԱՄԵԼ ՄԱՇԿԸ ԱՄՐԱՆ ԵՂԱՆԱԿԻՆ
Վերջապէս ամառ է: Կարելի է վայելել արեւոտ օրերն ու ամբողջ օրը անցընել բնութեան գիրկը: Սակայն, որպէսզի արեւը չվնասէ ձեզ, հարկ է հետեւիլ պաշտպանութեան կանոններուն: Ուստի իրազեկ դարձէ՛ք, թէ ամառնային օրերուն ինչպէ՛ս պէտք է պահպանել մաշկին առողջութիւնը:
ՄԵՐ ՄԱՇԿԸ (ՄՈՐԹԸ)
Մաշկը կամ մորթը մարմինին առաձգական եւ պաշտպանողական ծածկոցն է: Անիկա կը պատէ մարմնին ամբողջ արտաքին մակերեսը: Կը բաղկանայ երկու խաւէ. մակերեսայինը կը կոչուի վերնամաշկ, իսկ անոր տակը կը գտնուի բուն մորթը: Այս խորունկ խաւը առաձգական է եւ զգայուն: Կը պարունակէ արեան բազմաթիւ անօթներ: Կակուղ է ու կարմիր: Անոր մակերեսը ծածկուած է մանրադիտական բշտիկներով, որոնք կը հասնին մինչեւ վերնամաշկը ու կը պարունակեն մազերուն արմատները, ինչպէս նաեւ շատ մը գեղձեր, որոնք կը բացուին մորթին մակերեսին վրայ: Ասոնք երկու տեսակ են. Ոմանք քըրտինք կ’արտադրեն,իսկ ուրիշներ՝ իւղոտ նիւթ մը, որ մազի ծակտիքներուն մէջ կ’երթայ:
Մորթը երեք պաշտօն ունի. մարմինը պաշտպանող ծածկոցն է, արտաքսումի գործարան մը եւ շփումի կամ հպումի յատուկ զգայարանը: Ան կը սատարէ նաեւ մարմինի ջերմութեան կանոնաւորման:
Ահա թէ ինչո՛ւ ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք մորթի առողջութեան:
ՄԻՇՏ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՑԷ՛Ք ԱՐԵՒԱՊԱՇՏՊԱՆ ՄԻՋՈՑ
Ձեզի անհրաժեշտ է արեւէն մորթը պաշտպանելու միջոց մը, եթէ նոյնիսկ արեւը թաքնուած է ամպերուն ետեւ: Ամէն օր, վնասակար UVA-UVB-ճառագայթներու աւելի քան 80%-ը կը ներթափանցէ ամպերուն մէջէն: UVA-ճառագայթներն են մաշկի կանուխ ծերացման նշաններու՝ կնճիռներու եւ գունակային հետքերու յառաջացման պատճառը: Այդ պատճառով ալ միշտ օգտագործեցէ՛ք պաշտպանութեան SPF 15 եւ աւելի բարձր գործօնով քսուկներ:
ԳԻՏՆԱԼ ԳՈՐԾՕՆԸ
SPF-ը (Sun Protection Factor՝ արեւապաշտպան գործօն) կ’որոշէ, թէ արեւապաշտպան քսուկը որքանո՞վ արդիւնաւէտ է եւ կը կանխարգիլէ մորթի վնասուածք յառաջացնող UVB-ճառագայթներու բացասական ազդեցութիւնը: Արտադրանքի անուան մէջ ներառուած թիւը ցոյց կու տայ, որ միջոցը, այսինքն՝ քսուկը, տարածելէ ետք որքա՞ն ժամանակ կրնաս անցընել արեւուն տակ՝ առանց մաշկին վնաս հասցնելու: SPF-ը ոչ միայն կը դանդաղեցնէ վնասներուն վտանգը, այլեւ կը կանխարգիլէ զանոնք: Այդ պատճառով ալ արեւապաշտպան քսուկը օգտագործեցէ՛ք 2 ժամը անգամ մը՝ լողալու կամ քրտնելու պարագային եւ մաշկը պաշտպանեցէ՛ք հագուստով:
ՀԵՏԵՒԵՑԷ՛Ք ՊԻՏԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԿԷՏԻՆ
Բոլոր արեւապաշտպան քսուկները ունին պիտանելիութեան ժամկէտ: Երբեք մի՛ օգտագործեր ժամկէտը անցած քսուկներ: Մի՛ օգտագործեր զանոնք նաեւ այն պարագաներուն, երբ փոխուած է քսուկին գոյնը կամ բաղադրակազմը:
ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՑԷ՛Ք ՇՐԹՆԵՐՈՒ ՔՍՈՒԿ
Շրթներուն մաշկը՝ մարմնի այլ հատուածներու մաշկին նման, ենթակայ է վնասուելու: Օգտագործեցէ՛ք SPF-ով շրթներու քսուկ՝ զանոնք պաշտպանելու համար: