ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԸ ԵՒ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԸ՝ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱՃՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ 

Ծնողներ եւ պատանիներ ընդհանրապէս համակարգիչները կը համարեն տեղեկութեան վըստահելի եւ ստոյգ աղբիւր: Համակարգիչին եւ ձեռնահեռաձայնին օգնութեամբ պատանիներն ու երիտասարդները գիտելիքներու անսպառ աղբիւր եւ յարաբերութիւններու անսահման կարելիութիւններ ունին:
Այդուհանդերձ, այնպէս ինչպէս ծնողներ երբեմն կ’արգիլեն իրենց զաւակները խօսիլ անծանօթներու հետ, բանալ դուռը անծանօթ այցելուներու եւ հեռաձայնով ոչ մէկ տեղեկութիւն յայտնել օտաներու, պէտք է գիտակցին, որ նոյն ձեւով ալ պէտք է հետեւին իրենց զաւկին համակարգիչին դիմաց անցուցած ժամանակին:
Ծնողներ յաճախ չեն գիտակցիր, որ կրնան իրենց թերահաս զաւակները պաշտպանել համացանցային ծառայութիւններու վտանգներէն: Պատանիները բազմաթիւ զրոյցի սենեակներու, կամ խմբակներու մաս կը կազմեն եւ այնտեղ անոնց անցուցած ժամանակը անղեկավարելի կը մնայ յաճախ: Բոլորին կողմէ ընտրուած պայմանական ծածկանունները թոյլ չեն տար պարզելու, թէ անձը, որուն հետ պատանին կը խօսի, նոյնպէս պատանի՞ է, թէ պատանի ձեւացնող խաբեբայ մը:
Աւելին. ի տարբերութիւն սովորական նամակագրական կապի մէջ գտնուող ընկերներուն եւ անոնց, որոնք կ’այցելեն պատանիին տունը, ծնողները չեն տեսներ, թէ որո՞ւ հետ կը յարաբերի իրենց զաւակը ելեկտրոնային նամակագրութեամբ կամ զրոյցի սենեակներու մաս կազմելով: Ցաւօք, երբեմն շատ լուրջ կրնան ըլլալ նման յարաբերութիւններու հետեւանքները, երբ պատանիները անծանօթներուն կու տան անձնական տեղեկութիւններ (անուն, գաղտնաբառ, հեռաձայնի թիւ, հասցէ) կամ կը համաձայնին հանդիպիլ իրենց զրուցակիցին հետ եւ այլն:
Համացանցի ճամբով պատանիին  սպառնացող վտանգներէն են.
– Կայքեր, որոնք չեն համապատասխաներ պատանիին մակարդակին,
– Ատելութիւն, բռնութիւն եւ գայթակղութիւն քարոզող տեղեկութիւններ,
– Կայքեր, ուր պէտք է գրանցուիլ շահեր ստանալու կամ որեւէ խմբակի անդամագրուելու համար՝ անձնական տուեալներ մտցնելով,
– Համակարգիչին առջեւ անցուցած ժամերը կը զրկեն պատանին առողջ զարգանալու եւ իսկական ընկերային հմտութիւններ ունենալու կարելիութիւններէն:
Հետեւաբար համացանցի դիմաց անցուցած ժամերը պատանիին համար աւելի ապահով եւ օգտակար դարձնելու համար ծնողները պէտք է.
– Սահմանափակեն համակարգիչին առջեւ անցուցած պատանիին ժամերը:
– Բացատրեն անոր, որ անծանօթ ծածկանուններով անձերու հետ զրուցելը նոյնքան վտանգաւոր է, որքան անծանօթ մարդոց հետ սովորական կեանքի մէջ զրուցելը:
– Բացատրեն պատանիին, որ երբեք կարելի չէ անձնական տեղեկութիւն տալ համացանցով:
– Բացատրեն անոր, որ պէտք չէ տունէն դուրս, անձնապէս հանդիպում ունենայ անծանօթ զրուցակիցներու հետ:
-Պատանիին չտան դրամատան հաշիւներու թիւեր, գաղտնաբառեր, որոնք անոր կարելիութիւն կու տան բան մը գնելու համացանցով կամ մտնելու անթոյլատրելի կայքեր:
– Բացատրեն անոր, թէ պայման չէ որ համացանցի վրայ իրենց ամէն տեսածն ու կարդացածը ճիշդ ըլլայ:
Պատանիներու եւ թերահասներու  զբաղումի ժամերուն մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէ նաեւ պատկերասփիւռը, որ մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ անոր վրայ: Պատանիները օրական միջին հաշուով 3-4 ժամ պատկերասփիւռ կը դիտեն: Դպրոցը աւարտելէ ետք անոնք աւելի երկար ժամեր կը տրամադրեն պատկերասփիւռին: Պատկերասփիւռը, սակայն, բացի պատանին զբաղեցնելէ եւ տեղեկացնելէ, կրնայ անցանկալի ազդեցութիւն թողուլ անոր վրայ:
Պատկերասփիւռին դիմաց անցուցած ժամերը պատանին կը զրկեն այլ կարեւոր զբաղումներէ, ինչպէս՝ ընթերցումէ, դպրոցական աշխատանքէ, խաղէ, ընտանիքին հետ զրուցելէ կամ ընկերութեան մէջ զարգանալէ: Պատանիները պատկերասփիւռին ճամբով կրնան ստանալ նաեւ այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք յաճախ սխալ կ’ըլլան, սակայն կ’ազդեն անոնց երեւակայութեան վրայ:
Պատկերասփիւռին դիմաց շատ երկար ժամանակ անցընելու պարագային պատանիները՝ դպրոցի մէջ ցած գնահատանիշեր կը ստանան, աւելի քիչ գիրք կը կարդան, աւելի քիչ դաս կը սորվին, կը գիրնան եւ երբեմն օտար բարքեր կ’իւրացնեն:
Հետեւաբար ծնողները պէտք է.
– Ջանան պատանիին հետ միասին պատկերասփիւռ դիտել:
– Ընտրեն պատանիին համապատասխան ծրագիրներ:
– Սահմանափակեն անոր դիտելու ժամերը:
– Անջատեն պատկերասփիւռը ընտանեկան ընթրիքի եւ դասի պահերուն:
– Անջատեն պատկերասփիւռը, երբ նկատեն, որ ցուցադրուող ծրագիրը պատանիին համապատասխան չէ:
Նախընտրելի է, որ ծնողները իրենց զաւակներուն հետ միասին ընտրեն մանկական, գիտական այնպիսի ծրագիրներ, որոնք դիտելով պատանին իր ազատ ժամերը կը լեցնէ դաստիարակիչ օրինակ մը քաղելով կամ գիտելիք մը սորվելով: