ԿԵՌԱՍԻՆ ՕԳՏԱԿԱՐ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Կեռասը հանրածանօթ միրգ եղած է տասը հազարամեակ առաջ: Ան հարուստ է կենսանիւթերով, քարօթինով եւ երկաթով: Աւանդական բժշկութիւնը խորհուրդ կու տայ բուժման նպատակով օգտագործել կեռասենիի պտուղները աղիստամոքսային հիւանդութիւններու, արեան տկարութեան, իսկ տերեւներն ու ծաղիկները՝ պաղառութեան պարագաներու: Ժողովրդական բժշկութեան մէջ կ’օգտագործուին կեռասենիի պտուղները, պտղակոթերը, տերեւը, բողբոջը, ծաղիկները եւ արմատը:
Սննդագէտներ կը թելադրեն կեռասը ներառնել մանուկներու սնունդին մէջ:
Կեռասը ունի միզամուղ յատկութիւն, որուն շնորհիւ կը թեթեւցէ մարմնին վիճակը ուռուցքներու պարագային: Կեռասի պտուղները եւ հիւթը կը կանոնաւորեն երիկամներու եւ լեարդի աշխատանքը, օգտակար են յօդացաւէ կամ ռոմաթիզմէ տառապողներուն: Կեռասենիի մութ կարմիր պտուղները յատկապէս կը նպաստեն արիւնատար երակներու պատերու ամրացումին:
Ամերիկացի հոգեբաններու ուսումնասիրութիւնները կը վկայեն նաեւ, որ կեռասի սիրահարները ունին հանգիստ եւ բարի բնաւորութիւն, անոնք անկեղծ են իրենց զգացումներուն մէջ եւ ընդունակ՝ զոհաբերութիւններու:
Գիտնականները հաստատած են, որ եթէ մարդ ամէն օր՝ առաւօտեան եւ երեկոյեան, ուտէ քանի մը հատիկ կեռաս (թարմ կամ պահածոյ), անոր մօտ զգալիօրէն կը նուազի սրտի հիւանդութիւններու վտանգը: A կենսանիւթի բարձր պարունակութեան շնորհիւ, կեռասը օգտակար է նաեւ մաշկին: Ան կը պաշտպանէ մաշկը յատկապէս ամրան կիզիչ արեւուն վնասակար ճառագայթներէն:
***
ՀԱՒՈՒ ՄԻՍՈՎ ԱՂՑԱՆ
Բաղադրութիւն
300 կրամ հաւու խաշուած կրծքամիս
300 կրամ եգիպտացորեն
300 կրամ սունկ
50 կրամ մանր կտրտուած ընկոյզ
2 պճեղ սխտոր
Աղ, կարմիր եւ սեւ պղպեղ
Թթուասեր եւ մայոնեզ
Պատրաստութիւն
Հաւու խաշուած կրծքամիսը փետտել եւ տեղադրել խորունկ ամանի մը մէջ: Աւելցնել խաշուած եգիպտացորենի հատիկները, ապա սունկը՝ խաշուած կամ քիչ մը ձիթաիւղին մէջ թմրեցուած: Աւելցնել մանրուած ընկոյզը, ճզմուած երկու պճեղ սխտորը, աղը, կարմիր եւ սեւ փոշի պղպեղը եւ վերջապէս թթուասերն ու մայոնեզը: Խառնել եւ հիւրասիրել:
***
ՌԱՖԱՅԵԼԼՈՅԻ ՆՄԱՆՈՂ ՔԱՂՑՐԵՂԷՆ
Բաղադրութիւն
200 կրամ գիւղապանիր (գունդ-գունդ պահուող տեսակէն, արաբական արիշէ), կամ կաթի թարմ սեր
50 կրամ հնդկընկոյզի տաշուք (40 կրամը ռաֆայելլոյին մէջ, 10 կրամը թաթխելու համար)
3 ճաշի դգալ մեղր
100 կրամ նուշ
Պատրաստութիւն
Պանիրին կամ սերին վրայ աւելցնել մեղրն ու հնդկընկոյզին 40 կրամը, շաղել, փոքր գունդերու վերածել, իւրաքանչիւրին մէջ դնել մէկ նուշի հատիկ ու կլորել: Ապա թաթխել մէկ կողմ դրուած հնդկընկոյզին մէջ ու տեղադրել յատուկ ափսէի մը մէջ: Պահել սառնարանը: Այս քաղցրեղէնը սննդարար է: