Երեքշաբթի, 18 Յուլիս 2023-ին, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի «Արշիլ Կորքի» կերպարուեստի ուսումնարանի յանձնախումբը կազմակերպեց քանդակագործութեան մէկ ու կէս ամսուայ տեւողութեան դասընթացքի մասնակիցներուն մտերմիկ հաւաք մը։

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ դասատու արուեստագէտ Վարդգէս Պարսումեան, «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչական կազմի ներկայացուցիչներ եւ կերպարուեստի ուսումնարանի յանձնախումբի անդամներ։

Հանդիպման ընթացքին ցուցադրուեցան մասնակիցներուն դասընթացքի օրերուն քանդակած գործերը։ Ապա դասընթացքի մասնակիցներուն բաշխուեցան հաստատագրեր։

Աւարտին, վարչութիւնը արուեստագէտ Վարդգէս Պարսումեանին նուիրեց խորհրդանշական յուշանուէր մը, որպէս շնորհակալութեան արտայայտութիւն իր հոգատար եւ մասնագիտական աշխատանքին։