Հալէպի Ճարտարարուեստի պալատի Գործարար Կանանց Յանձնախումբը պարգեւատրումի երեկոյ մը կազմակերպեց, առ ի գնահատանք յանձնախումբի նախկին անդամ հալէպահայ արուեստագէտ Սոնա Գաբրիէլեանի՝ նախորդ շրջանին յանձնախումբի կազմին մէջ անոր տարած աշխատանքին։
Պալատի քարտուղար երկրչփ. Մուհամէտ Ռաըֆաթ շեշտեց յանձնախումբին դրական եւ կարեւոր դերակատարութիւնը, յատկապէս ընկերութեան մէջ կնոջ դերի շեշտադրման առումով։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի բոլոր անդամներուն՝ երկրաշարժէն տուժածներուն իրենց ցուցաբերած օգնութեան համար։
Շամմաա յայտնեց, որ ընկերային միասնական աշխատանքը յաջողութեան հիմքն է։ Աշխատանքի այս ոգիով կը յատկանշուի ճարտարարուեստի պալատը։
Պարգեւատրումին ներկայ գտնուեցան պալատի փոխնախագահ Ապտուլլաթիֆ Համիտէ, գանձապահ Մաճտըտտին Շըշման, վարչական անձնակազմի անդամներ Հենրի Ատումիէ եւ Ռամէզ Աճար, Գործարար Կանանց Յանձնախումբի նախագահը եւ անդամները։