ԻՆՉՈ՞Ւ ԹԵՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ԽՈՑԵԼԻ ԿԸ ՀԱՄԱՐԵՆՔ

Doctors.am  կայքին համաձայն, յաճախ թերութիւններ ունենալու վախը մեզ կը ստիպէ պահել մեր «մութ», մեզի համար ոչ այնքան գրաւիչ կողմերը։ Խոցելի ըլլալու վախէն կը նուազի նաեւ նախաձեռնութեան մեր ոգին։ Փոխարէնը տեւաբար կը սկսինք մենք մեզ պաշտպանել, նոյնիսկ այնպիսի պարագաներու, երբ պաշտպանուելու կարիք չկայ եւ մեր ընթացքը շատ բնական է։
Անձնական թերութիւններու մերժումը թերագնահատանքի բարդոյթի կրնայ վերածուիլ, եւ մեզի կը թուի թէ մենք պէտք եղած չափով լաւ չենք: Հետեւաբար շարունակ ջանքեր կը սկսինք թափել՝ պահելու մեր իսկական «ես»-ը, որովհետեւ կը կարծենք, թէ հակառակ պարագային մարդիկ մեր թերութիւնները պիտի նկատեն եւ պիտի փոխուի մեր ստեղծած «կերպարը»։
Այս առումով, հոգեբաններ կը թելադրեն ընդունիլ թերութիւնները եւ ամչնալով չպահել զանոնք: Թերութիւնները ընդունիլը ինքնաճանաչման կարեւոր քայլերէն մէկը կը համարուի։ Այս քայլը մեզ կը մղէ ըլլալու քաջ եւ չպահելու մեր թերութիւնները, հաւատալով որ կատարեալ մարդ չկայ եւ բնական է որ մեզմէ իւրաքանչիւրը որոշակի թերութիւններ ունենայ:
Ուստի եղէ՛ք ինքնավստահ եւ վայելեցէ՛ք ձեզի շնորհուած կեանքը:

ՍՆՆԴԵՂԷՆԻ Ո՞Ր ՏԵՍԱԿԸ ԿԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԷ ԳԵՐՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

Եթէ կ’ուզէք նուազեցնել ձեր գերճնշուածութիւնը եւ հանգստանալ, անհրաժեշտ է հանգիստի ժամեր ունենալ օրուան ընթացքին, քունի ժամերը կարգաւորել եւ մարզանքի հետեւիլ: Բայց արդեօ՞ք գիտէք, որ կան սննդեղէնի որոշ տեսակներ, որոնք եւս կը նուազեցնեն գերճնշուածութեան մակարդակը:
Գերճնշուածութիւնը նուազեցնելու համար հարկ է օգտագործել ձուկ, հաւ, պտուղ, բանջարեղեն, ձաւարեղէն եւ առողջ ճարպեր: Այսինքն՝ պէտք է օգտագործել քիչ մշակուած սնունդ, այնպիսի սննդամթերք, որ հարուստ է B կենսանիւթով (հորթի միս, հաւ, հաւկիթ, ձաւարեղէն), օմեկա-3 ճարպաթթուներով (աւոքատօ, կտաւատի սերմեր, ծովային բոյսեր, ձիթաիւղ, սաղմոն, սարտին, թոն, ընկուզեղէն), մակնիզիումով (աւոքատօ, պանան, ծաղկակաղամբ, լեղի տուրմ, դդումի սերմեր, շոմին), սպիտակուցներով (նուշ, հաւու կրծքամիս, հաւկիթ, ոսպ, պիստակեղէն, ձկնեղէն):
Հարկ է հեռու մնալ ոգելից ըմպելիներու, քաֆէյինի եւ քաղցրեղէնի առատ օգտագործումէն:
Յիշեցնենք, որ միայն առողջապահական սննդամթերքի օգտագործումով կարելի չէ զերծ մնալ գերճնշուածութենէ: Անհրաժեշտ է չափի մէջ պահել ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութիւնը, լաւ քնանալ, բուժել քրոնիկ հիւանդութիւնները եւ մաքուր օդ շնչել:
Թէեւ կարելիութիւն չունինք ազդելու մեր ծիներուն վրայ, ինչպէս նաեւ վերացնելու միջավայրին ազդեցութիւնը, սակայն առողջապահական սնունդ օգտագործելով, մեր նախասիրութիւններուն ժամանակ յատկացնելով եւ բնութեան գեղեցկութիւնը վայելելով կրնանք նպաստել մեր մարմինին առողջութեան: