26 Յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 361 թոն մարդասիրական օգնութիւն առաքեց Լեռնային Ղարաբաղ` 19 բեռնատար մեքենաներով: Մարդասիրական օգնութիւնը 26 Յուլիսին հասաւ Լաչինի միջանցքի մուտքի հատուած: Հայաստան խնդրեց, որ ԼՂ տեղակայուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի ներկայացուցիչները ընդունին բեռն ու տեղափոխեն զայն Արցախ, ուր Լաչինի միջանցքի շուրջ 8 ամիս ապօրինի արգելափակուած ըլլալուն հետեւանքով մարդասիրական ճգնաժամ հաստատուած է: Բեռնատարներով Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ առաքուեցաւ սննդեղէն եւ մանկական կաթ: Ատրպէյճան մինչեւ այս պահը կը խոչընդոտէ մարդասիրական օգնութեամբ բեռնատարներուն մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 28 Յուլիսի կառավարութեան նիստին ըսաւ, որ շրջափակուած Լեռնային Ղարաբաղ Հայաստանէն ուղարկուած մարդասիրական բեռներուն մուտքը արգիլելը ընդամէնը պիտի հաստատէ ԼՂ-ի մէջ ցեղասպանութիւն իրականացնելու Պաքուի մտադրութեան մասին առկայ մտավախութիւնները:
«Արմէնփրէս»-ի տուեալներուն համաձայն, մարդասիրական բեռնատարները կը շարունակեն մնալ Սիւնիքի մարզի Կոռնիձոր գիւղը։
28 Յուլիսին, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչները այցելեցին Սիւնիքի մարզի Կոռնիձոր բնակավայր՝ Լաչինի միջանցքի սկզբնամաս, ուր արդէն 2 օր Արցախի մուտքի թույլտւութեան կը սպասեն Հայաստանէն ուղարկուած բեռնատարները՝ մարդասիրական օգնութեամբ։ Ատրպէյճան, սակայն, կÿարգել է բեռնատարներուն մուտքը Արցախ՝ յայտարարելով, որ Հայաստան սադրանք կÿիրականացնէ։
Ինչպէս վայրէն կը յայտնէ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը, դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն կÿուղեկցի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան:
Ներկայացուցիչները շրջած են այնտեղ ու ծանօթացած տիրող իրավիճակին:
Դիւանագէտներուն իրավիճակին մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցած է Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանը:
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցումով՝ դիւանագիտական պատուիրակութեան կազմին հետԿոռնիձոր այցելած են հետեւեալ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ներկայացուցչութիւններու անդամները․
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Պելառուս
Պուլկարիա
Սպանիա
Իտալիա
Իրան
Իրաք
Լեհաստան
Լիթվիա
Հնդկաստան
Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն
Զուիցերիա
Ռումանիա
Ռուսիոյ Դաշնութիւն
Սերպիա
Ուքրանիա
Ֆրանսա
Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէ (ԿԽՄԿ)
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն (ՄԱԿ)
Ատրպէյճան անցեալ տարուան Դեկտեմբերէն շրջափակած է Արցախը Հայաստանի հետ կապող միակ ճանապարհը` Լաչինի միջանցքը: Սկզբնական շրջանին միջանցքը արգելափակած էին այսպէս կոչուած «բնապահպաններ»` բնապահպանական կեղծ հիմնաւորումներով եւ պահանջներով, իսկ միջանցքի երթուղին փոխելէն ետք, Ատրպէյճան ապօրինի անցակէտ տեղադրեց միջանցքին վրայ` ազատ տեղաշարժի խոչընդոտներ յարուցելով: Սկզբնական շրջանին միջանցքով որոշակի տեղաշարժ, այնուամենայնիւ կար, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութեամբ սահմանափակ քանակով մարդասիրական բեռ կը մտնէր Արցախ, նաեւ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի միջոցով բուժման կարիք ունեցող անձինք կը տեղափոխուէին Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ: 15 Յունիսէն սկսեալ Ատրպէյճան ամբողջութեամբ արգելափակած է Լաչինի միջանցքը: Արդէն 40 օր է` մէկ քիլոկրամ սնունդ չէ մտած Արցախ։