ՀԱՅՔԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԶԵԿՈՅՑ

2020-ի պատերազմէն ետք, Ատրպէյճան նախաձեռնեց Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ կեղծ «վերականգնման» աշխատանքներուն, իրականութեան մէջ ոչ թէ վերականգնելով, այլ խեղաթիւրելով ժառանգութեան հիմքին դրուած ճշմարտացի գիտելիքը, պատմութիւնը և ապագան։ Ըլլալով մշակութային բացառիկ արժէքին հասցուած անթոյլատրելի վնասի գլխաւոր և առաջին պատասխանատուն՝ Ատրպէյճան, մէկ կողմ թողլով սերունդներու դէմ կիրարկուած ցեղային զտման յանցագործութիւնը, այսօր կը շարունակէ ա՛լ աւելի վնասել առանց այդ ալ վիրաւոր արժէքին։
Այո, ժառանգութեան պահպանութեան միջազգային հիմնարար սկզբունքները կը փաստեն, որ ժառանգութեան պահպանութեան համար, կարևոր է վերջինիս ամբողջականութեան պահպանութիւնը, և իւրաքանչիւր տարր ու մանրամասնութիւն նույնքան կարևոր է ժառանգութեան համար, որքան ինքնին ժառանգութիւնը։ Վերականգնման քողի տակ սքողելով պատմական ողջ ճշմարտութիւնը՝ Ատրպէյճան կը շարունակէ ցեղասպանել ոչ միայն մշակութային անձեռնմխելի արժէքը, այլև՝ հոգեկան ծանր կացութեան ենթարկել Ղազանչեցոցը իրենց կեանքին ու հաւատքին անբաժանելի մասը համարող արցախահայութիւնն ու ամբողջ հայերը։