Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդապետ Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ա. Ահարոնեան» Մասնաճիւղի վարչութեան 12 եւ 13 Յուլիսին տեղի ունեցաւ ամառնային արուեստի դպրոցը Համազգայինի հիմնադրութեան 95-րդ ամեակի աշխատանքներու շրջագիծէն ներս։
Վարչութիւնը լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանք տարաւ, նպատակ ունենալով նոր սերունդին ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն, պահպանելու ազգային գիտակցութիւնն ու մշակութային աւանդութիւնները։
Դպրոցը ունեցաւ 80 աշակերտ `6֊14 տարեկան, որոնք բաժնուեցան երկու խումբի։
Դպրոցի ծրագիրն ու ամենօրեայ յայտագիրը գործի դրին ուսուցչաց կազմի 10 ընկերուհիներ, որոնք նուիրական եւ հետեւողական աշխատանքով ճիգ չխնայեցին, հետեւաբար ալ աշխատանքը լաւագոյն արդիւնքով հասաւ իր յաջող աւարտին։
Ծրագիրի կրթական բաժինը բազմաբովանդակ էր` երգի ուսուցում, գեղագրութիւն, ձեռային աշխատանք, ինչպէս նաեւ մտային կարողութիւնները զարգացնելու համար ճատրակի եւ այլ խաղեր, առաւել տեղի ունեցան դաշտային խաղեր, ուսուցողական այցելութիւններ, պտոյտներ, աւազանագնացութիւններ, որոնք աշակերտներուն մօտ բարձր տրամադրութիւն ստեղծեցին։
Ծրագիրը անգամ ըլլալով կ՛ընդգրկէր լրագրողական նախնական գիտելիքներու դասաւանդութիւն, շաբաթական մէկ դասապահով, զարգացներու համար աշակերտներու անթերի խօսելու, գրելու եւ արտայայտուելու կարողութիւնները։ Կը նախատեսուի յառաջիկային առաւել ընդլայնուած դասընթացքներ կազմակերպել։
Տեղի ունեցան նաեւ Հայ Դատին առնչուող դասապահեր, որոնց ընթացքին անդրադարձանք Արցախի ներկայ իրավիճակին եւ շրջափակման մէջ ապրող մանուկներու կրած դժուարութիւններուն։
Մէկ ամսուան ընթացքին, Համազգայինը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, ճիգ չխնայեց նոր սերունդին մէջ սերմանելու հայ մշակոյթը, զայն մօտեցնելու իր արմատներուն եւ առաւել ծանօթացնելու իր ինքնութեան, դարձնելու ինքնավստահ տարրեր, որպէսզի կարենան որպէս հայեր գոյատեւել եւ յառաջանալ։
Համազգայինի աշխատանքներուն զօրավիգ կանգնեցան` Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան. Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան լիազօր Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան, վարչութեան եւ ուսուցչաց կազմը, Ռատիօ երազի Գամիշլիի աշխատակազմը, Հայ Դատի յանձնախումբը, աշակերտներու ծնողները եւ բոլոր անոնք, որոնք նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ սատարեցին աշխատանքի յաջողութեան։
Յասմիկ Պօզոյեան-Կարապետեան