Արցախի եւ արցախցիներուն ճակատագիրի հարցը դարձած է հայութեան առաջնային օրակարգը: Բոլորը կը պահանջեն, բոլորը կը հիմնաւորեն, կարծես թէ ոչ ոք ունի յստակ սահմանուած ծրագիր, տեսլական Արցախի համար:
Ի՞նչպիսին պէտք է ըլլայ Արցախի համընդհանուր ծրագիրը հարցումին, մեզի հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, «Ապառաժ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Արա Պուլուզեան, նշելով, որ Արցախեան հարցը, Արցախի պետականութեան գոյութեան հարցը այսօր առաջնային է, եւ Արցախը իւրացուցած է իր ինքնորոշման իրաւունքը, կերտած է հայկական երկրորդ պետականութիւնը, անիկա եղած է արցախեան ազատագրական պայքարի հետեւանքով՝ իր հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւունքին համար: Արցախը այդ առումով իւրացուցած է իր բաժինը: Այսօր հայկական երկրորդ պետութեան լինելիութեան հարցը դրուած է:
«Փորձ կատարուած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ հայ ժողովուրդի համախմբումին, եռամիասնութեան առանցքը դարձնել Արցախի հիմնահարցը: Սակայն, դժբախտաբար, 2018 թուականէն յետոյ այդ առանցքը երկրորդական դարձնելու, շեղելու ձգտումներ կան, ատիկա արտացոլուած է ե՛ւ Սփիւռքի մէջ, ե՛ւ Հայաստանի մէջ», յայտնեց Պուլուզեան չհամաձայնելով միտքին, որ այսօր բոլորին մտահոգութիւնը Արցախն է:
Մեր զրուցակիցին համոզումով, ժամանակին, եթէ Արցախին առնչուող ցոյցերուն միլիոնի հասնող համախմբում տեղի կ’ունենար, ապա այսօր այդ թիւը հակառակ բոլոր ջանքերուն չի գերազանցած 30-40 հազարը: Որովհետեւ իրօք զարթօնքի, ահազանգի եւ մտահոգութեան աստիճան անիկա չէ, որ պէտք է ըլլար եւ եթէ ստեղծենք այդ համախըմբումը կրնանք լուրջ նւաճումներ ունենալ:
Արա Պուլուզեանի խօսքին համաձայն, մեր դէմ կը գործեն բացի արտաքին թշնամիի ներքին անհանդուրժողականութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ ապազգային մտածողութեան տարրերը: Կենցաղային, քաղքենի մտածողութիւնով ապրելու ցանկութիւնը, աւելի լաւ ապրուստ ունենալու համար միայն մտածողներուն թիւը բաւականին շատ են, պայքարի, իրաւունքները չզիջելու մտայնութեան համեմատութեամբ:
Հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կրնանք աշխարհը ազդարարել, որ Արցախի հարցով անհրաժեշտ է չհատուին մեր կարմիր գիծերը, յատկապէս որ ազդակներ կը ստանանք, օրինակ Ֆրանսայէն Արցախի կարգավիճակի հարցով առաջնահերթութեան մասին եւ Իրանէն, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու անձեռնխելիութեան մասին, ան պատասխանեց, որ մեր հիմնական հարցը պէտք է ըլլայ հայ ժողովուրդին համախմբումը մէկ թիրախի ուղղութեամբ: Հայաստանը դիւանագիտական պաշտօնական ճանչցուած միայն մէկ գործիքակազմ ունի: Այսօր Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը եւ պաշտօնական արտաքին քաղաքականութիւնը պարտուողի, զիջողի, թոյլի, թուլակամի քաղաքականութիւն կը դրսեւորէ:
Թոյլի քաղաքականութիւնը ամէն պարագային չի կրնար ունենալ իր կողքին դաշնակից, շեշտած է Արա Պուլուզեան՝ դիտել տալով, որ կարելի է միայն այն պայմաններով դաշնակից ունենալ, երբ դուն քու իրաւունքներդ չզիջես:
«Կրնան քեզ ճնշել, ծեծել, պարտադրել, սպանել, բայց երբ դո՛ւն քո իրաւունքդ չես զիջիր՝ հակառակորդը կը մեղադրուի, որովհետեւ քու իրաւունքդ ոտնահարած է: Եթէ դուն իրաւացի ես, ուրեմն պէտք է մինչեւ վերջ երթաս: Իրանը, Ֆրանսան կամ որեւէ այլ երկիր նախ եւ առաջ իր շահերէն մեկնելով, իր միջազգային հարթակին վրայ ունեցած դիրքին, կարգավիճակի ամրապնդման, ազգային շահերէն մեկնելով քաղականութիւն կը մշակէ։ Մենք երբեք պէտք է պատրանք չունենանք, որ այս կամ այն երկիրը մեր կողքին է, մեր կողմն է, այն պարագային երբ մենք նոյնիսկ չենք ձեւակերպել մեր շահերը:
Բայց, քանի որ մեր շահերը չենք ձեւակերպեր չենք կրնար հասկնալ, որ երկիրներն են մեր դաշնակիցները, հետեւաբար չենք ընկալեր կը համընկնեն մեր շահերը, այլ երկիրներու շահերուն:
Անոր խօսքին համաձայն, Արցախի կացութիւնը բաւականին բարդ է, ենթարկուած է համակողմանի ամբողջական շրջափակման, դեղորայքի հարց գոյութիւն ունին, ասով հանդերձ, որ պաշարներ եղած են, բայց օրէցօր այդ պաշարներուն քանակները կը պակսին: Հիւանդանոցներուն իրավիճակը եւս լուրջ է: Պարէնային ապահովման հարցեր կան, ամառնային ամիսներեւն գիւղատնտեսական հարցերը կրնայ հոգալ Արցախը, բայց ապրանքի փոխադրման հարցեր եւս գոյութիւն ունին:
«Այս բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելոը գործընթացները անոր համար են, որ մենք չենք զիջիր սեփական իրաւունքը, մեր ազատ ապրելու կամքը, կան նաեւ ծանր որոշումներու կայացման անհրաժեշտութիւն, բայց յոյս ունիմ, որ միասնաբար պայքարի եւ դիմադրողականութեան շնորհիւ կը յաջողինք դիմանալ: Արցախի մէջ միասնականութիւնը եւ կամքի արտայայտութիւնը կարեւոր հանգամանք է, որ ինչ-որ տեղ նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայրենա կիցներուն աջակցութեամբ կը տարուի, առնւազն հոգեկան իմաստով աջակցելու Արցախի ժողովուրդին», ըսաւ ան:
Կրնաք նշել Արցախի ներքաղաքական հասարակական անհամաձայնութեան տարրերը, կա՞ն, որո՞նք են անոնք հարցումին ՀՅԴ-ական գործիչը պատասխանեց, որ Արցախի ներքաղաքական ասպարէզին մէջ հիմնական հարցերուն շուրջ համաձայնութիւնը առկայ է, այն է՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, որ այլընտրանք չունի: Մեր պետութիւնը չի կրնար գոյութիւն չունենալ որպէս հայկական պետութիւն, եւ ատիկա բոլոր ներքաղաքական ուժերուն համոզումն է, որ ուղղակի կը հակադրուի Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան: Այդ առումով տեղին է յիշել Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի բազմիցս կատարած յայտարարութիւնները՝ թէ՛ իշխանութիւններուն, թէ՛ ընդդիմադիր ուժերու կողմէն, ինչպէս նաեւ Արցախի նախագահի հնչեցուցած յայտարարութիւնները եւ մօտեցումը, որ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը այլընտրանք չունի, եւ մենք չենք կրնար զիջել այդ հանգամանքը: Անոր վառ ապացոյցը նաեւ այս օրերուն Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող համահաւաքներն են:
Արա Պուլուզեան, հարցումին՝ ինչպէ՞ս կրնայ աջակցիլ Սփիւռքը Արցախի մարդկային իրավիճակի բարելաւման դիտել տուաւ, որ Սփիւռքի գործնական քայլերը պէտք է ըլլան ցուցական-պահանջատիրական ասպարէզի մէջ: Հայկական համայնքներուն ճնշումը, գերտէրութիւններու եւ շահագրգիռ պետութիւններու աջակցութիւնը պահանջելը եւ ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վարուող քայլեր, այստեղ մեծ կարեւորութիւն ունի նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, որուն դերակատարութիւնը պատմութեան տարբեր դրուագներուն քանիցս ականատես եղած ենք, երբ հայկական պետութիւնը գոյութիւն չէ ունեցած կամ վտանգուած է , մասնաւորապէս Հայ Առաքելական Եղեղեցին ստանձնած է կարեւոր առաքելութիւն հայրենքի պահպանման եւ ժողովուրդի կենսունակութեան ապահովման համար:
«Այսօր դարձեալ մեր ժողովուրդի մէկ հատւածը, ենթարկուած է ճնշումներու թէ՛ հոգեբանական, թէ՛ ֆիզիքական, այդ առումով, որպէս ազգային կառոյցի, Դաշնակցութեան հետ համազօր եւ համահունչ քայլեր պէտք է իրականացնէ։ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, եւս պէտք է զարթօնքի զանգ հնչեցնէ, միաժամանակեայ հաւաքներ, եկեղեցիներուն զանգերը ղօղանջելով, համախմբումի գաղափարին շուրջ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ կարեւոր են բողոքներու դիմումներ, դեսպանատուներու շրջափակման՝ ե՛ւ հակառակորդ պետութիւններու դեսպանատուներու, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու եւ դեսպանատուներու ուղղութեամբ: «Անհրաժեշտ է նաեւ ներկայացնել հարցի մարդասիրական կողմը եւ աղէտը: Անհրաժեշտ է Կարմիր Խաչի եւ Կարմիր Մահիկի տարբեր ներկայացուցիչներուն մօտ հնչեցնել աղէտի փաստը, այդ միջոցներով եւս միջազգային բեմահարթակի վրայ հարց բարձրացնել աղէտը կանխելու համար: Այս քայլերը համակարգելու խնդիրը նաեւ առաջնային է: Յառաջիկայ ժամանակներուն պէտք է ձեւաւորուի այդ համակարգումը, եւ մենք անհըրաժեշտ է այդ համախմբումը ստեղծելով, կրկնակի կամ քանի մը պատիկ դարձնենք հայ ժողովուրդին ներուժը, որ ունինք տարբեր երկիրներու մէջ: Համոզուած եմ այդ զօրաշարժը կարելի պիտի ըլլայ Դաշնակցութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միասնական ջանքերով՝ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, թէ՛ Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ», եզրափակեց Արա Պուլուզեան:
Սիւնէ Ֆարմանեան
Ալիք օրաթերթ